Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԿՐԵՏԷ ԿՂԶԻ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Կրետէ կղզի, ուր հովուական այցելութիւն մը կու տայ տեղւոյն փոքրաթիւ հայութեան։ Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն կ՚ընկերանան նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Կրետէի հայութեան հետ շփուելու առընթեր, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ նաեւ կղզիի Յոյն Ուղղափառ մետրապոլիտին՝ Եւկէնիոս Բ. Անթոնոփուլոս արքեպիսկոպոսին։
Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024