ԱՇԽԱՐՀԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՂՕԹՔ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ՅԱՆՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ներկայացուցիչները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցեցաւ, որ Վատիկանի եւ ԵՀԽ-ի կողմէ 2026 թուականի յունուարի 18-25-ին կայանալիք Քրիստոնէից միասնութեան տարեկան աղօթքի շաբաթը պիտի նուիրուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Այդ միասնական աղօթքին ընթացքին ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաները պիտի աղօթեն յանուն քրիստոնէական միութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայրենազրկուած Արցախի հայերուն։
Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Վատիկանի ու ԵՀԽ-ի միջազգային եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղական կազմակերպչական յանձնախումբերուն կողմէ աղօթքի շաբթուան առթիւ ձեռնարկուած նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը յանձնախումբի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը ու կարեւորեց քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ կառոյցներու աղօթակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ՝ յատկապէս հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար այս ծանր ու դժուարին օրերուն։
Զրոյցի տեւողութեան յանձնախումբի անդամները ընդգծեցին, որ իրենց Հայաստան այցելութիւնը դարձած է իւրօրինակ ուխտագնացութիւն մը, որու ընթացքին առիթ ունեցած են ի մօտոյ ծանօթանալու հայ-քրիստոնէական պատմական սրբավայրերուն, հայ ժողովուրդի պատմութեան, նաեւ Հայաստանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ Արցախէն տեղահանեալ հայերու դժուարին կացութեան։
Հուսկ, Վատիկանի եւ ԵՀԽ-ի ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուելու եւ յանձնախումբի աշխատանքներուն, ըստ ամենայնի, աջակցութեան համար։