ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութեանց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ թարգմանիչ վարդապետներու գործին ու անոր նշանակութեան։

Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024