ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Միաբանութեան թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի անդամներէն կը բաղկանար այս խումբը, որու կազմին մէջ էին, ինչպէս միաբան վարդապետներ, այնպէս ալ քոյրեր։ Անոնք Իսթանպուլի մէջ ի մի հաւաքուելու առիթով փափաքած էին այցելել նաեւ այլ քոյր եկեղեցիները եւ այս շրջանակին մէջ այցելեցին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւր միաբանները։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ, անդրադառնալով նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, թէ Իսթանպուլի մէջ քրիստոնեայ յարանուանութեանց միջեւ ձեւաւորուած են եղբայրական յարաբերութիւններ։
Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւրերը այցելեցին նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։