ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց զեկուցումներու ժողովածու մը, որ կը կոչուի «Սուրբ Էջմիածինը՝ գրքի հանգրուան»։ Այս ժողովածուն կ՚ընդգրկէ այն զեկուցումները, որոնք ներկայացուած են՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հիմնադրութեան տասնամեակին առթիւ։ Շուրջ երկու տարի առաջ տեղի ունեցած էր այդ յոբելենական նախաձեռնութիւնը։
Նոր հրատարակուած գիրքը կ՚ուղենշէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ պահպանել ազգային, հայագիտական ամբողջ ժառանգութիւնը ու զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն։ Տարաբնոյթ զեկուցումներու հիմքին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն է՝ որպէս հոգեւոր, գիտական, կրթական ու մշակութային կեդրոն։
Հարկ է նշել, որ այս հրատարակութեան մէջ տեղ գտած է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի՝ «Պոլսահայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ սանուց միութեանց տեղը» խորագրեալ գիտական աշխատութիւնը։