ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քահանայ Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի։

Նկատի ունենալով, որ Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին զուգադիպեցան արարողութիւնները՝ Ս. Պատարագի աւարտին մասնաւոր օրհնութեան կարգ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի ընտանիքի վարիչներուն համար։

Այս փուլին ներկայ էին նաեւ Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024