Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքտորովը։ Հանդիպման ընթացքին Վիքթորովին ներկայացան դեսպանութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Տիգրան Քոտպաշեան եւ առաջին քարտուղար Ֆէոտոր Կէորկի։ Նորին Ամենապատութեան կողքին էր Սուրբ Աթոռի դիւանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ ռուս դեսպանի զրոյցի բովանդակութեան մասին որեւէ մանրամասնութիւն չէ ներկայացուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2024