ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին վերջերս ընդհանուր մաքրութեան եւ վերանորոգութեան ենթարկուած էր՝ Արտաշէս Տիւյմէճեանի նուիրատուութեամբ։ Ծանօթ է, որ Արտաշէս Տիւյմէճեան մեր եկեղեցական կեանքի նուիրեալ անուններէն մին է։ Ան ոչ միայն իր անսակարկ ծառայութիւնը կը բերէ մեր եկեղեցիներուն, այլ նիւթապէս կ՚աջակցի անոնց պայծառութեան։
Վերոյիշեալ աշխատանքներէն վերջ, շաբաթավերջին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, տեղւոյն հովիւը՝ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հոգեպարար արարողութեան հետեւեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները եւ ուխտաւոր հաւատացեալներ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ իր հայրական գնահատանքին առարկայ դարձուց Արտաշէս Տիւյմէճեանը։