Հոգե-մտաւոր

ՀԱՅՐԻԿՆ ՈՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ շատ կարեւոր կը նկատէ զաւակներու դաստիարակութիւնը եւ որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ դաստիարակել ըսելով ի՞նչ նկատի ունի, իր զաւակներուն կ՚ուղղէ հետեւեալ խօսքը. «այնպէս օրհնեցէք, որ նոքա երկնից իմաստութիւնը ճանչնան ու բարձր համարին, աշխարհիս, շնչաւոր իմաստութեան վերայ չի պարծենան:

ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդէն իսկ հասած ենք Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 14-րդ գլուխը, որ Հայրիկ կոչած է «Մահ ծնողաց եւ օրհնութիւն». մինչեւ այսօր տեսանք, թէ Հայրիկ ինչպէս խօսեցաւ ընդհանուր ամուսնութեան գաղափարին, անոր ունեցած մարդկային, բարոյական արժէքներուն մասին. խօսեցաւ, թէ ի՛նչ են տղամարդու եւ կնոջ փոխադարձ պարտաւորութիւնները, ի՛նչ են անոնց որպէս ծնողք ունեցած պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ եւ զաւակներունը փոխադարձաբար հօր եւ մօր հանդէպ:

ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ՀԱՐՈՒՍՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ կը շարունակէ խօսիլ զաւակներուն պարտաւորութիւններուն մասին եւ կարեւորութեամբ կը շեշտէ ծնողք-մանուկ եւ մանուկ-ծնողք փոխյարաբերութեան կարեւորութիւնը. խօսքը ուղղելով զաւակներուն Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբեք չը տրտմեցուցանել զիրենք»:

ՕՐԻՆԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՕՐԻՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Տուեալ օրէնքներու հնազանդութիւնը անշուշտ պարտաւորութիւն մըն է մարդուս համար՝ որ կարելի ըլլայ ընկերային արդարութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը ապահովել։ Այսուհանդերձ պէ՛տք է նկատի ունենալ, որ օրէնքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։

ԶԱՒԱԿԱՑ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ ծնողական պարտաւորութեան մասին խօսելէ ետք իր 13-րդ գլուխով «Զաւակաց պարտիք առ ծնողս» խորագրին տակ կը խօսի զաւակներու պարտաւորութիւններուն մասին. ընտանեկան կեանքը փոխադարձ պարտաւորութիւններով լեցուն կեանք մըն է եւ այդ պարտաւորութիւններու փոխադարձ կիրառումն է, որ սէր ու խաղաղութիւն կը ստեղծէ ընտանիքէն ներս:

ԲՆԱԾԻՆԸ ԵՒ ՍՏԱՑԱԿԱՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անշուշտ, ամէն ոք գիտէ «ըլլալ»ու եւ «ունենալ»ու տարբերութիւնը։ Զոր օրինակ, համակրելի, սիրալիր, կամ անհաճոյ մարդ ըլլալու եւ կամ որեւէ առարկայի տէր ըլլալու, որեւէ բան մը ունենալու տարբերութիւնը։

ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դաստիարակութեան ամենէն ազդու միջոցը կենդանի օրինակ դառնալն է. նոյնն է պարագան գրեթէ ամէ՛ն տեղ. օրինակի համար, Քրիստոսը որպէս Տէր պիտի չընդունէինք, եթէ խօսէր ողորմութեան մասին՝ սակայն ինք ողորմած չըլլար, խօսէր ներողամտութեան մասին՝ սակայն ինք չի ներեր. նոյնպէս մանուկի մը համար մօր բարի վարքը շատ աւելի ազդու դաստիարակութեան միջոց մըն է՝ քան ըսուած խօսքերն ու յորդորները, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ երանի՜ կու տայ այնպիսի ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան սիրոյն կը հսկեն իրենց անձին վրայ. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէսզի երբեք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան իրենց զաւակներուն»:

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՐԺԷՔ ՄԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այո՛,- հրեշտակային երգեցողութիւն մըն է, որով դպրաց դասեր եւ երգչախումբեր, հոգեւոր եւ ոգեւորուած պարակցութեամբ, կը փառաբանեն Մեծ Երաժշտապետն ու աննման Երգահանը՝ Աստուած։ Բիւր բիւր կտուցներ թռչուններուն, սոխակներու եւ սարեակններու առաջնորդութեամբ, չեն կարող մրցիլ խումբ մը երգիչներու բերաններուն հետ, երբ անոնք կը բացուին լուսեղէն մատներու հպումովը Ամենակալին։

Էջեր