Հոգե-մտաւոր

ԿԵԱՆՔԸ ԱՊՐԻԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի վրայ զանազան գոյութիւններ կան։ Ասոնցմէ ոմանք «հոգի» ունին, կենդանի են եւ կ՚ապրին։ Ամբողջ տիեզերքը լեցուն է աստղերով երկնային լուսաւոր մարմիններով։ Կարելի է հարցնել. աստղերը կ՚ապրի՞ն եւ կամ ժայռեր, խոտեր, բոյսեր կ՚ապրի՞ն։

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ ՎԻՃԱԿԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք հայուն «ինչ» ըլլալուն մասին. մին հայը կ՚որակէ աշխատասէր, ուրիշ մը պայքարող, մին հայուն մէջ կը փորձէ տեսնել գովելի յատկութիւններ, իսկ ուրիշ մը՝ հակառակը. իսկ մեզի համար հայու որակումը մէկն է. անհեռատես:

ՉՀԱՅԱՑՈՒՄ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ մեր յօդուածներուն մէջ խօսեցանք պատուելի Մանավեանի պատասխանած երկու հարցերուն մասին եւ մեր անհամաձայնութիւնը յայտնեցինք, սակայն պէտք է ըսենք, որ այդտեղ տեղ գտած հարցերը յատուկ չեն միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն. սփիւռքի բոլոր տարածքին մենք որպէս հայ ժողովուրդ դիմագրաւեցինք եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք դիմագրաւել այդ հարցերը:

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՍՈՒՑԻՉ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան եւ տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 28)։
Բնութիւնը ուսուցի՛չ է։ Ծառերը եւ բոյսերը իրենց վրայ կը կրեն համապատասխան եղանակի նախանշանները շատ աւելի կանուխ, քան այն յայտնի կը դառնայ։

ՔԻՉ ՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ, ՔԻՉ ՄԸ ՀԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պէտք է միշտ հոզուած ըլլալ, որ մեր ազգային դժբախտութիւնները մէկ օրուան մը ծնունդն ու արդիւնքը չեն. մեր ազգային կեանքին մէջ ունեցած ենք որոշ փոքր վէրքեր, որոնք անբուժութեան պատճառով ժամանակի ընթացքին տարածուելով վտանգած են ամբողջ մարմինը. մենք յաճախ լուռ մնացած ենք «փոքր» կարծուած թերութիւններու դիմաց, կարծելով թէ անոնք մեծ վտանգ մը չեն ներկայացներ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ փոքրերը միանալով կազմած են մեծ հարցեր՝ մեր անփթութեան պատճառով:

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՊԱՐՏՔ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Զօրաւորէն աւելի զօրաւորը միշտ կը գտնուի։ Եւ երբ զօրաւորը եւ աւելի զօրաւորը դէմ առ դէմ գան՝ իրաւունքը կը տեղափոխուի։
Մարդկութիւնը միշտ զբաղած է սա հարցով, թէ՝ իրաւունքը զօրաւորի՞նն է, թէ իրաւունքն է զօրաւո՛րը։

ՔՈ ՇՈՒՇԱՆՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՂԵՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայկականութիւն ու ազգային արժէքներ հասկացողութիւնը իւրաքանչիւր անձի համար կրնայ ըլլալ տարբեր ու շատ անգամ նոյնիսկ հակասական եւ մեր պատմութեան ընթացքին բազմիցս տեսած ու լսած ենք գոյութիւն ունեցող այդ իրերամերժ համոզումները:

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոչ միայն յատուկ ցեղի, ազգի, պետութեան, այլ ընդհանուր մարդկութեան աճումը, բարոյականութիւնը, մտաւոր զարգացումը, բարօրութիւնը, մէկ խօսքով՝ նոյնիսկ գոյութիւնը եւ յարատեւութիւնը, սերտ կապակցութիւն ունեցած է միշտ ընտանեկան կեանքի հետ՝ որուն գլխաւոր եւ էական շաղկապը եւ հիմը ամուսնութի՛ւնն է։

Էջեր