ՏԻՐԱՄՕՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ԻՐԵՂԷՆՆԵՐՈՒՆ ԳԻՒՏԸ
Աստուածածնի մարմնական մասունքներու չգոյութիւնը հաւատացեալներու երկիւղածութիւնը ուղղեց դէպի անոր սեփական իրեղէնները՝ որոնք հալածանքի դարերուն թաքուցուած ըլլալով յետոյ երեւան եկան։ Ատոնցմէ առաջինը. «գօտի»ն կամ «կամար»ը, արեւելեան կիներու զգեստին եւ նոյն ատեն արդուզարդին այս կարեւոր մէկ մասը։
Երուսաղէմի մէջ գտնուեցաւ Ե. դարուն Արկադէոս կայսեր օրով, եւ մեծահանդէս պատուով փոխադրուելով Կ.Պոլիս, զետեղուեցաւ Աստուածածնի նուիրուած տաճարին մէջ, ուր ըլլալը կը յիշուի անկէ կէս դար ետքն ալ, Լեւոն կայսեր Զոյի թագուհիին բժշկութեան առթիւ։
Երկրորդ գիւտն է՝ «տուփ»ը, կամ այն «փոքր արկղ»ը՝ որուն մէջ կը պահուէր Ս. Կոյսին «գլխանոց»ը։ Ասոր համար եւս կը պատմուի, թէ կոստանդնուպոլսեցի երկու ազնուական եղբայր՝ Գալբիաս եւ Կանտիտաս, որոնք ուխտաւորաբար Պաղեստին եկած էին, գալիլիական գիւղի մը մէջ, հաւանաբար Նազարէթ, կը նկատեն, թէ մարդիկ ուխտի կ՚երթան հրեայ այրի պառաւի մը տունը՝ ուր բժշկութիւններ կը կատարուին Մարիամի վերագրուած գլխադիրի մը առջեւ՝ որ արկղի մը մէջ պահուած է. հնարքով մը՝ նմանագործուած արկղ մը կը դնեն իսկականին տեղ, զոր իսկոյն կը փոխադրեն Կ.Պոլիս՝ ուր մեծահանդէս թափօրով կ՚ընդունուի Աստուածածնի եկեղեցւոյն մէջ։ Գօտւոյ եւ տուփի այս երկու տօնը մեր մէջ մուտք մտած են Սիմէոն Կաթողիկոսի (Տ. Սիմէոն Ա. Երեւանցի. 1763-1780) տօնացուցական կարգադրութիւններէն վերջ միայն. նախասիմէոնական տօնացոյցին մէջ իբր կամաւոր դրուած էին անոնք, եւ կ՚երեւի թէ Կ.Պոլսոյ եկեղեցիին միայն յատուկ մնացած էին երկար ատեն, բայց յետոյ արեւմտեաններու մէջ եւս սկսան յաճախել ոչ միայն այս, այլ նաեւ Ս. Կոյսին յատուկ նկատուած իրերէն մասունքներու յարգը եւ պաշտօնը, մասնաւորաբար ԺԳ. դարէն ետքը, երբ խաչակրութեանց միջոցին Կ.Պոլիս հաստատուած լատին կայսրութեան ատեն եկեղեցական բազում հնութիւններ եւ սրբութիւններ փոխադրուեցան Բիւզանդիայէ Եւրոպա (Սկզբնաղբիւր. Տ. Թորգոմ Պատրիարք. Սուրբ եւ տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, 1939)։
Ղուկաս Աւետարանիչ կը վկայէ, թէ «Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր». (ՂՈՒԿ. Ա 26-27)։ Արդարեւ, Ս. Կոյս Մարիամը՝ Աստուածածինը միշտ տիպար եղած է իր կեանքով եւ կը շարունակէ օրինակ ըլլալ։
«Այն օրերը ելաւ Մարիամ եւ արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։ Մտաւ Զաքարիային տունը եւ Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ». (ՂՈՒԿ. Ա 39-40)։
«Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունն էր Յովհաննէս». (ՅՈՎՀ. Ա 6)։ «Յովհաննէս լեցուած է Սուրբ Հոգիով, իր մօր արգանդին մէջ իսկ». (ՂՈՒԿ. Ա 15) նոյն Ինքն Քրիստոսի կողմէ, զոր Մարիամ Կոյսը յղացած էր Սուրբ Հոգիէն։ Մարիամի «այցելութիւն»ը Եղիսաբէթին այս ձեւով դարձաւ «Աստուծոյ այցելութիւնը իր ժողովուրդին». (ՂՈՒԿ. Ա 68)։
Արդարեւ, Մարիամի այս այցելութիւնը առաւելապէս ցոյց կու տայ անոր գթասիրտ բնաւորութիւնը։
Ուստի, Մարիամ «ճամբայ ելաւ», ինչ որ կը նշանակէ անոր հաւատքին հաստատութիւնը։ Եւ մենք եթէ իսկապէս «կը հաւատանք», պէտք է ճամբայ ելլենք՝ հաւատքը տանելու, տարածելու, այցելելու անոնց՝ որոնք հաւատքի զօրութեան կը կարօտին։ Հաւատքը, ուրեմն, «գործ» կը պահանջէ, հաւատքը ո՛չ թէ «զարդ» մը, «պիտակ» մը, այլ՝ օգտագործելի իրողութի՛ւն մըն է։
Մարիամ «աճապարանքով» գնաց. ուրեմն հաւատքի մէջ պէտք է արագաշարժ ըլլալ, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ տեղի չտալ արդէն արագաշարժ չարին ներգործութեան։ «Չար»ը արագաշարժ է չարագործութեան մէջ, ուրեմն, պէտք է չարէն աւելի՛ արագաշարժ ըլլալ՝ աճապարե՛լ։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը վրայ՝ ուր ատելութիւնը, չարութիւնը, ոխը, թշնամութիւնը արագ կերպով կը տարածուին, եւ ուրեմն պէ՛տք է կանուխ «ճամբայ ելլել» եւ աճապարել՝ կանխելու համար «չար»ը։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «… ահով եւ դողով ձեր անձերուն փրկութիւնը գործեցէք. որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը եւ ընելը իր հաճութեանը համար». (ՓԻԼԻՊ. Բ 12-13)։
Մարիամ, իր այցելութեան ճամբուն վրայ «լեռները բարձրացաւ». (ՂՈՒԿ. Ա 39)։ Ոսկեբերան կ՚ըսէ, թէ՝ Մարիամ երբ իր արգանդին մէջ առաւ Յիսուս Մանուկը՝ բարձրացա՛ւ։ Եւ Մարիամի օրինակով մենք ալ պէտք է բարձրանանք, Յիսուսը ընդունինք մեր մէջ եւ աշխարհիկ զբաղումներէ, հոգերէ եւ մտահոգութիւններէ վե՛ր բարձրանանք։
Արդարեւ, տեղքայլ ընողը, չբարձրացողը չի կրնար աճեցնել հաւատքը. անշարժ, անաշխատ եւ անգործ հաւատքը դատապարտուած է մեռնելո՛ւ։
Սուրբ Կոյս Մարիամ երիտասարդ էր, իսկ Եղիսաբէթ բաւական յառաջացած տարիք ունէր եւ օգնութեան կը կարօտէր։ Ուստի, Մարիամ, Եղիսաբէթին այցելութեան գնաց աջակցելու, օգնելու համար անոր։ Ասիկա, պարզ քաղաքավարական կամ պատեհական այցելութիւն մը չէ՛ր, այլ նպատակ մը ունէր, աջակցիլ մէկու մը՝ որ օգնութեան կը կարօտի։
Եւ Մարիամ երեք ամիս հոն մնաց. «Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ եւ իր տունը դարձաւ». (ՂՈՒԿ. Ա 56)։ Ժամանակագրական կերպով, այս կը նշանկէ մինչեւ Եղիսաբէթի որդին ծնիլը։ Եւ ասիկա, ահաւասիկ, ցոյց կու տայ Մարիամի կարեկցող, հոգատար, խնամատար եւ գթասիրտ անձնաւորութիւնը, սիրով լեցուն սիրտը եւ խղճամիտ բնաւորութիւնը, նկարագիրը։
Եւ Մարիամ Աստուծածին այս իսկ պատճառով տիպա՛ր մըն է ոչ միայն մայրերու, կին-մարդերու, այլ ամբողջ մարդկութեան։
Բոլորս ալ կը կարօտինք անոր գթառատ եւ գթասէր օգնութեան՝ բարեխօսութեան, քանի որ բոլորս ալ, այս չար աշխարհի վրայ պէտք ունինք աջակցութեան, օգնութեան։ Պէտք ունինք Աստուածամօր հոգատարութեան, մայրական խնամքին։ Ան, միշտ յաղթութեամբ դուրս կը բերէ իրմէ օգնութիւն ուզողները, իր մայրական խնամքին կարօտողները։ Ան անզօրները կը զօրացնէ, նեղութեան մէջ եղողները կը քաջալերէ։
Մենք այս աշխարհի վրայ սիրոյ կարիքը ունինք եւ «Մայր»ն է, որ այդ սէրը կրնայ տալ մեզի, պաշտպանելով ատելութեան դէմ մեզ։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, մեր բոլոր նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ եւ նոյնիսկ յուսահատ վիճակի մէջ անվարան, առանց երկմտութեան դիմենք Աստուածամօր, եւ պիտի փրկուինք ամէն անձկութենէ, քանի որ ան «տիպար Մայր»ն է՝ գթասիրտ։
Աստուածամօր տիպարը երբեք չի փոխուիր, քանի որ մայրը մի՛շտ «մայր» է։ Անոր հոգածութիւնը տեւական է, եւ երբեք չի պակսիր։
Քանի որ Յիսուս Աստուած է, ուրեմն Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին է. «Վասնզի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ եւ անոր անունը սուրբ է». (ՂՈՒԿ. Ա 49)։ Եւ եթէ Յիսուս «հաց» է, Ս. Կոյս Մարիամն ալ «Տապանակ» է. քանի որ Յիսուս «կեանքի ջուր» է, Աստուածամայրն ալ «Աղբիւր» է. քանի որ Յիսուս «Կենաց ծառ» է, Աստուածածինն ալ «Դրախտ» է, եւ եթէ Յիսուս «Լոյս» է, Աստուածամայրն ալ «Լոյսը ծագեցնողն» է. Յիսուս քանի որ «Տէր» է, Աստուածամայրն ալ «Տիրուհի» է, քանի որ Յիսուս «Թագաւոր» է, Աստուածամայրն ալ «Թագուհի» է…
Ան միշտ այժմէակա՛ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 31, 2024, Իսթանպուլ