ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Ե.)

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին չորս յօդուած գրեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին, մանաւանդ Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասէն Էջմիածին գալուն եւ նոր Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան մասին: Սակայն այս բոլորին մասին գրելը ունէր իր պատճառը: Մի քանի օրեր առաջ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անթիլիասական մի քանի միաբանի հետ միասին ներկայ գտնուեցայ Ս. Պսակի արարողութեան. եկեղեցւոյ պատասխանատու հայր սուրբին հետ առաջին անգամ կը ծանօթանայինք: Ողջոյնի պաշտօնական «յարգանքէն» ետք յանկարծ յարձակում մը տեղի ունեցաւ. էջմիածնական հայր սուրբը սկսաւ քննադատել Անթիլիասը՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն ետք ապօրինի ձեւով նոր կաթողիկոս մը ընտրելու համար. սրտնեղած ու վրդոված սկսաւ խօսիլ. «Դուք սիրտցաւ չէք որ երկու կաթողիկոս ունինք. մէկ կաթողիկոս ունենալը պիտի հզօրացնէ մեր եկեղեցին ու աւելի լաւ պայմաններու պիտի հասցնէ. ի՞նչ կարիք կայ երկու կաթողիկոսի, երբ Մայր Աթոռին մէջ ունինք կաթողիկոս...»: Կարելի է շարունակել իր յարձակողական արտայայտութիւնները:

Որպէս եզրակացութիւն կ՚ուզենք այս նիւթին շուրջ յայտնել մեր սեփական կարծիքը. պէտք է նկատի ունենալ, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին Սուրբ Էջմիածինը կամայ թէ ակամայ իր կապերը խզած էր սփիւռքի հետ. նոյն այդ ժամանակաշրջանին հայ գաղութը տկար ու անզօր վիճակի մէջ էր. իր վրայէն հազիւ թօթափած էր եղեռնի ծանր դժբախտութիւնը եւս պէտք ունէր գլուխի մը՝ որպէսզի կազմակերպէ հայ գաղութը: Սուրբ Էջմիածինը քաղաքական պայմաններու լոյսին տակ չէր կրնար իր հայրական օրհնութեամբ կազմակերպել այդ բոլորը եւ հետեւաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն էր մա՛նաւանդ սփիւռքի պայմաններուն մէջ:

Փորձեցէ՛ք ուսումնասիրել սփիւռքը, աչքէ անցուցէք գաղութի կեանքը եւ պիտի տեսնէք, որ սկզբնական շրջանին դպրոց եւ եկեղեցի եղած են քով քովի, որովհետեւ եկեղեցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հոգեւորին կողքին տէր եղաւ նաեւ մշակութայինին, լեզուին ու ազգային արժէքներուն: Կասկած չունինք. եթէ Սուրբ Էջմիածինը չգտնուէր Խորհրդային Միութեան հսկողութեան տակ, վստահաբար իր ներդրումը պիտի ունենար սփիւռքի եւ գաղութներու կազմաւորման։ Սակայն ճշմարտութիւնը կը մնայ ճշմարտութիւն. այդ բանտարկուած վիճակին մէջ անհրաժեշտութիւն էր Կիլիկիոյ Աթոռը եւ երբեւէ կարելի չէ ուրանալ անոր դերը մեր հայկական իրականութենէն ներս:

Այսօր, երբ ազատած ենք Խորհրդային Միութեան ստրկութենէն, ինչքանո՞վ առողջ երեւոյթ է մէ՛կ կաթողիկոս ունենալ. խոր վերլուծութեան նիւթ է. սակայն մեզի համար աթոռները ներկայ պայմաններու մէջ կը գործեն հետեւեալ պայմաններով. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հոգեւոր կեդրոն է, սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալէ աւելի ազգային ու մշակութային կեդրոն է՝ ծանրաբեռնուած վարչական գործերով։ Հետեւաբար, իրենց առաքելութեամբ ո՛չ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ ոչ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրենց առաքելութեամբ զիրար կրնան գերազանցել: Վարչական գետնի վրայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ըրածը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անկախ իր կամքէն չէ՛ր կրնար ընել. այսօր որպէս հոգեւոր կեդրոն եւ հոգեւոր ծառայութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ըրածն ալ գուցէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կարենար ընել, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր պարտաւորութիւնը, պայմաններն ու ծառայութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ անոնք իրենց առաքելութեամբ զիրար կ՚ամբողջացնեն. պատմութեան ընթացքին բազմիցս տեսած ենք, թէ անոնք ինչպէս զիրար ամբողջացուցած են՝ երբ պայմանները եղած են դժուարին:

Կը հաւատանք, որ այսօր մեր ժողովուրդը շատ աւելի լուրջ խնդիրներ ունի՝ քան երկու աթոռներու միութեան հարցը. կարծես շատեր կը հաւատան, որ աթոռներու միացումով մեր հայկական աշխարհէն ներս գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը լուծում պիտի գտնեն. այսօր ըսի-ըսաւի փոխարէն, զիրար քարկոծելու փոխարէն պէտք է ձեռք ձեռքի տալ ու գործել. անցնող յօդուածներու մէջ տեսանք, թէ ինչպէս կաթողիկոսներ անդադար որպէս մէ՛կ եկեղեցի գործելու խոստումն ու ուխտը կը կնքեն: Այսօր թէ՛ էջմիածնական եւ թէ անթիլիասական միաբանը իր ուսերուն ունի հոգեւոր եւ վարչական որոշ պաշտօններ եւ անոնց կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ ամբողջական նուիրումով այդ մէկը կատարել՝ ի շահ ազգին եւ ի շահ եկեղեցւոյ. մեր ժողովուրդը այսօր ունի բազմատեսակ պէտքեր, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մարդկային եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի պարտինք այդ պէտքերը հոգալ. այդ պէտքերը հոգալը զիրար քարկոծելով եւ վարկաբեկելով չի՛ կատարուիր: Մէկը միւսը նուաստացնելով այդ պէտքերը պակսելու փոխարէն պիտի աւելնան. յոյսով ենք, որ ունենանք սերունդ մը, որ լաւապէս գիտակցի, թէ շատ աւելի առաջնահերթ պէտքեր ունի մեր ազգը. գիտակցի, որ երկու աթոռները մէ՛կ նպատակի համար պայքարին եւ ո՛չ իրարու դէմ. սերունդ՝ որ գիտակցի, թէ կաթողիկոսները գնայուն են, իսկ մնայունը ժողովուրդն է, իր նոր սերունդով, իր քաղաքակրթութեամբ:

Վստահ ենք, որ ատելութեամբ լեցուն մեր ազգին մէջ այս հարցը երբեք վերջ պիտի չունենայ, սակայն երանի՜ անոր, որ կը գիտակցի, թէ ազգին համար կատարուած մեծագոյն բարիքը լիովին ծառայութեան նուիրուիլն է:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մանուկը քանի՞ տարեկանին պէտք է դպրոց երթայ:

Պատասխան. Մանուկը սովորաբար 5-6 տարեկան հասակին դպրոց կ՚երթայ: Այս տարիքը կը նկատուի իտէալական տարիք, քանի որ երեխաներուն մեծամասնութիւնը ճանչցած կ՚ըլլայ անհրաժեշտ գիտութիւնները, ձեռք բերած կ՚ըլլան յուզականութիւն եւ աւելիով կը յարմարուին ուսումնական միջավայրին: Այդ տարիքին անոնք հետաքրքիր կ՚ըլլան եւ նոր բաներ սորվելու ցանկութիւն կ՚ունենան եւ աւելի ատակ կ՚ըլլան հասակակիցներու հետ շփուելու: Կարեւոր է սակայն նախադպրոցական կրթութիւնը, որ կ՚օգնէ ապագայ յաջողութեան եւ կը դիւրացնեն սորվելու ընթացքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2024