ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆ ՄԸ

Կ՚ու­զեմ այ­սօր ձե­զի ներ­կա­յաց­նել Ա­ւե­տա­րա­նէն հա­տուած մը, եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թեան հարց­նել, թէ՝ շուրջ եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Յի­սու­սի պար­զած տե­սա­րա­նը ո՜ր­քան կը պատ­շա­ճի մեր օ­րե­րուն՝ իբր թէ ա՛յ­սօր խօ­սուած ըլ­լա­յին ա­նոնք։ Սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, ա­մէ­նօ­րեայ տե­սա­րան­ներ, յա­ճախ տես­նե­լու եւ ապ­րե­լու հար­կադ­րուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ա­մէն շրջա­նի, ա­մէն լրջա­խոհ ան­ձե­րու ցաւ է պատ­ճա­ռած եւ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ է դար­ձած։ Ու­րեմն կար­դանք հա­տուա­ծը։

«Ա­պա Յի­սուս ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ը­սաւ.- Մով­սէ­սի ա­թո­ռը նստած Օ­րէն­քի ու­սու­ցիչ­ներն ու փա­րի­սե­ցի­նե­րը։ Ի­րենց ը­սած­նե­րուն հնա­զան­դե­ցէք եւ կա­տա­րե­ցէ՛ք զա­նոնք. սա­կայն մի՛ ը­նէք ինչ որ ի­րենք կ՚ը­նեն. քա­նի որ ա­նոնք կը սոր­վեց­նեն, բայց չե՛ն կա­տա­րեր։ Ա­նոնք ծանր եւ դժուա­րա­կիր բեռ­ներ կը դնեն մար­դոց ու­սե­րուն, մինչ ի­րենք նոյն բեռ­նե­րը կրե­լու նուա­զա­գոյն ճիգն իսկ չեն ը­ներ։ Ի՛նչ որ կ՚ը­նեն, մար­դոց ե­րե­ւե­լու հա­մար կ՚ը­նեն։ Ի­րենց դրա­մա­պա­նակ­նե­րը կը լայնց­նեն եւ ի­րենց հա­գուստ­նե­րուն ծո­պե­րը կ՚երկնց­նեն։ Ընթ­րիք­նե­րու ըն­թաց­քին պա­տուոյ տե­ղե­րը գրա­ւել կը սի­րեն եւ ժո­ղո­վա­րան­նե­րու մէջ՝ ա­ռա­ջին ա­թոռ­նե՛­րը։ Ի­րենց գրա­պա­նակ­նե­րը, այ­սինքն թղթա­պա­նակ­նե­րը կա­րե­լի ե­ղած չա­փով լե­ցուն ցոյց տա­լու կ՚աշ­խա­տին։

«Կը սի­րեն հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ մար­դոց­մէ բա­րեւ­ներ ըն­դու­նիլ եւ -վար­դա­պե՛տ,- այ­սինքն -ու­սու­ցի՛չ- կո­չուիլ։ Բայց դուք ոե­ւէ մէ­կը -վար­դա­պետ- մի՛ կո­չէք, քա­նի որ դուք բո­լորդ եղ­բայր­ներ էք եւ մէկ ու­սու­ցիչ ու­նիք։ Երկ­րի վրայ ոե­ւէ մէ­կը -հայր- մի՛ կո­չէք, քա­նի որ դուք մէկ Հայր ու­նիք, որ եր­կին­քի մէջ է։ -Ա­ռաջ­նորդ- մի՛ կո­չէք, քա­նի որ ձեր միակ ա­ռաջ­նոր­դը Քրիս­տո՛սն է։

«Ձեր մէ­ջէն մե­ծը թող ձեր սպա­սա­ւո­րը ըլ­լայ։

«Ով որ իր ան­ձը կը բարձ­րաց­նէ՝ պի­տի խո­նար­հի, եւ ով որ իր ան­ձը կը խո­նար­հեց­նէ՝ պի­տի բարձ­րա­նայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 1-12)։­

Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը ծա­նօթ չե՞ն ձե­զի, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ։ Գրե­թէ ա­մէն օր, գո­նէ մէկ-եր­կու ան­գամ չէ՞ք դի­մա­ւո­րուիր նման դէպ­քե­րու, մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու…։ Փոր­ձե­ցէք, սի­րե­լի­ներ, ու­շադ­րու­թեամբ դի­տել ձեր շուր­ջը՝ ո՜վ գի­տէ քա­նի ան­գամ­ներ պի­տի հան­դի­պիք՝ գրա­պա­նակ­նե­րը լայնց­նող, ա­թոռ­նե­րու ա­ռա­ջին տե­ղե­րը բազ­մե­լու տեն­չով վա­ռուող, ինք­նա­կոչ ու կար­ծե­ցեալ դիր­քե­րու եւ աս­տի­ճան­նե­րու տիտ­ղոս­նե­րով կան­չուե­լու ան­դի­մադ­րե­լի փա­փա­քով ա­մէն ինչ՝ ա­մէն ար­ժա­նիք ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն զո­հե­լու պատ­րաստ ու­նայ­նա­միտ­նե­րու, ո­րոնք շատ հե­ռու չեն ձեզ­մէ, ա­մէն օր, ա­մէն պահ կը շրջին հոն ու հոս՝ ցու­ցա­մո­լու­թեան ախ­տէն վա­րա­կուած՝ ան­դար­մա­նե­լի եւ ան­բու­ժե­լի ախ­տա­ւոր­ներ…։ Օ­տար չէ ե­րե­ւոյ­թը։ Օ­տար չէ՛ եւ մա­նա­ւանդ սո­վո­րա­կան եւ բնա­կան է դար­ձած եւ ո՛չ ոք կը մի­ջամ­տէ, ո՛չ ոք իր ար­դար ի­րա­ւուն­քը կը պաշտ­պա­նէ ա­նոնց դէմ։ Կար­ծես ա­մէն ոք գոհ է իր վի­ճա­կէն՝ ըն­դու­նած է ի­րո­ղու­թիւ­նը. «ճա­կա­տա­գիր» կո­չուած քօ­ղին, ծած­կոյ­թին տակ ա­մէն մարդ ի­րեն վի­ճա­կա­ծը կ՚ապ­րի՝ ա­ռանց մտա­ծե­լու ար­դա­րու­թեան, ի­րա­ւուն­քի, հա­ւա­սա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան բարձր եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նիքն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վե՛ր բռնող ար­ժէք։

Եւ երբ «ի­րա­ւուն­քը զօ­րա­ւո­րինն է», մո­լո­րե­ցու­ցիչ մտա­ծո­ղու­թեամբ կը շար­ժին մար­դիկ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ի­րենք զի­րենք կը վի­րա­ւո­րեն ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Ար­դա­րու­թեան կշի­ռը ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­սա­րակշռու­թեա­նը վրայ պէ՛տք է հաս­տա­տուած ըլ­լայ եւ ա՛յդ­պէս մնայ,  եւ միայն այն ա­տեն է, որ մար­դիկ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լան ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Ճա­կա­տագ­րա­պաշտ՝ մար­դուս կեան­քի ըն­թաց­քը ամ­լաց­նող մտայ­նու­թիւ­նը ո՛չ թէ խո­նար­հու­թիւն, այլ՝ իր կո­չու­մին ան­հա­ւա­տար­մու­թիւն է մար­դուն։ Մարդ պէտք է անդ­րա­դառ­նայ իր դիր­քին, գիտ­նայ իր տե­ղը՝ ա­ռա­ւել կամ պա­կաս, պէտք է գրա­ւէ այն տե­ղը՝ ո­րուն ար­ժա­նի՛ է, ի­րա­ւունքն է…։

Երբ կը կար­դանք վե­րո­յի­շեալ հա­տուա­ծը՝ կար­ծես ո՛չ թէ դա­րե՜ր ա­ռաջ, այլ ա՛յ­սօր ը­սած կը թուի մե­զի։ Այ­սօր ալ «ա­ռա­ջին ըլ­լալ»ու, ա­ռաջ­նա­կարգ տե­ղեր գրա­ւե­լու փա­փա­քը կը յու­զէ մար­դիկ։ Նա­խանձ եւ ա­նի­մաստ մրցակ­ցու­թիւն, ա­տե­լու­թիւն եւ նա­խա­տինք, դժբախ­տա­բար ա­նար­գել կը տա­րա­ծուին ա­մէ­նու­րեք։ Ա­մէն մարդ պէ՛տք է գիտ­նայ իր տե­ղը, ի­րա­ւուն­քը, պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նը եւ դիրքն ու աս­տի­ճա­նը։ Ար­դա­րեւ ո՛չ թէ տիտ­ղոս­նե­րը բար­դուե­լով «մեծ» ու «բարձր» կ՚ըլ­լայ մարդ, այլ՝ իր նկա­րագ­րով, իր ինք­նու­թեամբ եւ ի­րա­պէս ար­ժա­նի կե­ցուած­քո՛վ։ Քրիս­տոս իր կեան­քով ա­սոր տի­պա­րը ե­ղաւ։

«Ձեր վրայ ա­ռէք իմ լու­ծը եւ ինձ­մէ սոր­վե­ցէ՛ք, քա­նի որ հեզ եմ եւ սրտով խո­նարհ, եւ դուք ձեր հո­գե­կան հանգս­տու­թիւ­նը պի­տի գտնէք» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 29)։

«Արդ, ե­թէ ես՝ որ Տէր եւ Վար­դա­պետ եմ՝ լուա­ցի ձեր ոտ­քե­րը, դուք ալ պար­տա­ւո՛ր էք ի­րա­րու ոտ­քե­րը լուալ։ Ես ձե­զի օ­րի­նակ մը տուի, որ­պէս­զի դուք ալ ի­րա­րու ը­նէք այն՝ ի՛նչ որ ես ձե­զի ը­րի» (Յովհ. ԺԳ 14-15)։

«Ե­թէ մէ­կը քեզ հար­սա­նի­քի կամ խնջոյ­քի հրա­ւի­րէ՝ սե­ղա­նին գլու­խը մի՛ նստիր, քա­նի որ կրնայ ըլ­լալ որ քեզ­մէ ա­ւե­լի՛ յար­գե­լի անձ մըն ալ հրա­ւի­րուած ըլ­լայ։ Այն ա­տեն քեզ եւ զայն հրա­ւի­րո­ղը պի­տի գայ եւ քե­զի ը­սէ՝ Տեղդ ի­րեն տուր։ Եւ դուն խայ­տա­ռակ ըլ­լա­լով՝ ա­մե­նէն վեր­ջին ա­թո­ռին պի­տի նստիս։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ երբ կը հրա­ւի­րուիս՝ գնա՛ եւ վեր­ջին ա­թո­ռին նստէ, որ­պէս­զի երբ քեզ հրա­ւի­րո­ղը գայ, ը­սէ քե­զի.- բա­րե­կա՜մ, վե՛ր հրամ­մէ։ Այն ա­տեն դուն հրա­ւի­րեալ­նե­րուն մօտ պա­տուըուած պի­տի ըլ­լաս։ Ո­րով­հե­տեւ՝ ով որ իր ան­ձը կը բարձ­րաց­նէ՝ պի­տի խո­նար­հի, իսկ ով որ իր ան­ձը կը խո­նար­հեց­նէ՝ պի­տի բարձ­րա­նայ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 8-11)։ Եւ դար­ձեալ. «Եւ ա­հա այս­պէս, շա­տեր որ հի­մա վեր­ջին են՝ ա­ռա­ջին պի­տի ըլ­լան, իսկ շա­տեր որ ա­ռա­ջին են՝ վեր­ջի՛ն» (ՂՈՒԿ. ԺԳ 30)։

«Ո­րով­հե­տեւ ով որ ձեր բո­լո­րին մէջ փոք­րիկն է, ա՛ն է մե­ծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։

«Ե­թէ ձեզ­մէ մէ­կը ու­զէ մեծ ըլ­լալ՝ պէտք է ձեր բո­լո­րին սպա­սա­ւո­րը ըլ­լայ, եւ ե­թէ ձեզ­մէ մէ­կը ու­զէ ա­ռա­ջի՛ն ըլ­լալ՝ պէտք է բո­լո­րին ծա­ռան ըլ­լայ, քա­նի որ Մար­դու Որ­դին ի՛նքն ալ, չե­կա՛ւ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ սպա­սա­ւո­րու­թիւն ըն­դու­նե­լու, այլ սպա­սա­ւո­րե­լու եւ իր կեան­քը շա­տե­րու հա­մար որ­պէս փրկա­գին տա­լու» (ՄԱՐԿ. Ժ 43-45)։­

Իսկ Ա­ռա­քեա­լը Յի­սու­սի մա­սին կ՚ը­սէ.

«Ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը թող իր եւ ու­րիշ­նե­րուն մա­սին խոր­հի այն՝ ի՛նչ որ կը տես­նէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ, որ թէ­պէտ բնու­թեամբ Աս­տուած էր, եւ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­սար ըլ­լա­լը հռչա­կե­լը ի­րեն հա­մար Աս­տու­ծոյ պա­տի­ւը յափշ­տա­կել չէր նշա­նա­կեր, բայց կա­մա­ւո­րա­բար ինք­զինք այդ պա­տի­ւէն մեր­կա­ցուց՝ ծա­ռա­յա­կան մեր բնու­թիւ­նը իր վրայ առ­նե­լով, եւ մար­դոց պէս ե­ղաւ ու մարդ­կա­յին կեր­պա­րան­քով ճանչ­ցուե­ցաւ։ Ինք­զինք խո­նար­հե­ցուց եւ Աս­տու­ծոյ հնա­զան­դե­ցաւ յանձն առ­նե­լով մա՛­հը, եւ այն ալ խա­չի մա­հը։ Ա­սոր հա­մար ալ Աս­տ-ւած զԱյն շա՜տ ա­ւե­լի բարձ­րա­ցուց եւ ի­րեն տուաւ այն ա­նու­նը՝ որ վե՛ր է բո­լոր ա­նուն­նե­րէն, որ­պէս­զի Յի­սու­սի ա­նու­նին ծուն­կի գան բո­լո­րը, երկ­նա­ւոր­ներն ու երկ­րա­ւոր­նե­րը եւ սան­դա­րա­մե­տա­կան­նե­րը, եւ ա­մէն լե­զու դա­ւա­նի թէ՝ Յի­սուս Քրիս­տոս Տէ՛ր է, Հայր Աս­տուա­ծը փա­ռա­ւո­րե­լու հա­մար» (ՓԻ­ԼԻՊ. Բ 5-11)։ Եւ բո­լոր խո­նարհ­նե­րը կը լսուին Աս­տու­ծոյ կող­մէ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն։

«Չմոռ­ցաւ նե­ղուած­նե­րու ա­ղա­ղա­կը» (ՍԱՂՄ. Թ 12), «Տնանկ­նե­րու ցան­կու­թիւ­նը լսե­ցիր, ո՛վ Տէր. ա­նոնց սրտե­րը պի­տի հաս­տա­տես ու քու ա­կան­ջը պի­տի խո­նար­հեց­նես…» (ՍԱՂՄ. Ժ 17)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­լիս 23, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015