«ԴՐԱԽՏ»ԻՆ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐԸ

Եր­կինք ու եր­կիր Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մեն ան­տա­րա­կոյս։ Միան­գա­մայն՝ յե­տին մաս­նի­կը «ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ ծրագ­րին»։ Ցո­րե­նա­հա­տիկ մը, մէկ հա­տիկ գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ մը, դեղ­նած կամ կա­նաչ տե­րեւ մը, ձիւ­նի փա­թիլ մը, խո­տի անն­շան շեղբ մը, եւ հա­զար ու մէկ, տե­սակ տե­սակ բնու­թեան հրա­շա­լիք­ներ, վեր­ջա­պէս այն մի­լիո­նա­ւոր միա­ւոր­նե­րը՝ ո­րոնց­մով կը ստեղծուի, կը յօ­րի­նուի բնու­թեան հիա­նա­լի՜ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

«Դրախտ»ը՝ մար­դուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կա­կէ­տը, եր­ջան­կու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման վայ­րը, ո՞ւր է սա մէկ հա­տիկ գե­ղե­ցիկ ծա­ղի­կէն ան­դին՝ ե­թէ չէ՛ «ծա­ղիկ»ի մը պէս, կամ նոյն ինքն գե­ղե­ցիկ ծա­ղի­կը…։ Ար­դա­րեւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ ծրագ­րին ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը ծա­ղիկ­նե­րու սա մէկ ա­ծուին մէջ ամ­փո­փուած է։

Բնու­թեան «Ծննդոց Գիրք»ն է ծա­ղիկ­նե­րու ա­ծուն եւ կամ «Դրախտ»ին ման­րանկա­րը։ Սի­րե­լի­նե՜ր, այդ մէկ հա­տիկ գե­ղե­ցիկ ծա­ղի­կը, եր­բեմն անն­շան, եր­բեմն սի­րուն, եր­բեմն ա­նուշ այդ մէկ հա­տիկ ծա­ղի­կը՝ «Դրախտ»ին ման­րան­կա՛րն է, ան­շուշտ ե­թէ մարդ նա­յիլ գիտ­նայ, սի­րով նա­յի եւ տես­նել ու­զէ…։

Դրախ­տը Աս­տու­ծոյ մտքին, աս­տուա­ծա­յին ի­մաս­տու­թեան ար­տա­ցո­լա­ցեալ պատ­կե՛րն է։ Մարդ ո՛ւր որ տես­նէ այդ ար­տա­ցո­լա­ցու­մը՝ հոն է դրախ­տը։

Ու­րեմն դրախ­տը՝ «ե­րեւ­ցած»ն է «չե­րեւ­ցած»ին, կամ ը­սենք՝ «հա­գուստ»ը խոր­հուր­դին, կամ ե­րե­ւա­կա­յե՞նք՝ «մար­մին»ը՝ Աս­տու­ծոյ։ Այ­սինքն՝ չե­րեւ­ցա­ծին ե­րեւ­ցա­ծը…։ Սա ծաղ­կաս­տա­նը՝ բազ­մա­տե­սակ եւ բազ­մա­գու­նի ծա­ղիկ­նե­րո­վը, մարդ­կա­յին մտքին հա­մար շա՜տ ա­ւե­լի հա­մո­զիչ փա՛ստ մըն է Աս­տու­ծոյ նկա­րագ­րին յատ­կան­շա­կան գի­ծե­րուն, զոր օ­րի­նակ՝ իր բա­րու­թիւ­նը, սէ­րը, ի­մաս­տու­թիւ­նը կը ցո­լա­նայ հոն, քան գրա­տուն մը գիրք՝ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ու բնա­զան­ցու­թեան խրթին նիւ­թե­րու շուրջ կա­տա­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն։ Աս­տուած այդ ծաղ­կաս­տա­նին մէջ, հոն ան­ձա՛մբ կը յայտ­նուի կար­ծես իր ամ­բող­ջա­կան էու­թեամբ, գիր­քը ինք՝ որ գիր­քե­րը ա­ւե­լորդ կ՛ըն­ծա­յէ, մարմ­նա­ցեա՛լ Բա­նը։

Եւ խոր­հող մար­դը՝ նստած ծա­ղիկ­նե­րու այն մէկ ա­ծուին դէմ, ծաղ­կաս­տա­նին ե­զեր­քը, խո­րա­սու­զուած ա­նոր խոր­հուր­դին մէջ, զար­ման­քով եւ հիա­ցու­մով կը դի­տէ, որ ո՛չ նուազ խո­րունկ է եւ ի­մաս­տա­լից քան բո՛ւն ինքն Աս­տու­ծոյ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ մար­դուս, խոր­հող մար­դուն միտ­քը կը տա­րուի սա խոր­հուր­դով, թէ՝ Աս­տուած «դրախտ» մը ստեղ­ծած է «մար­դոց» հա­մար, եւ զար­դա­րած ու ճո­խա­ցու­ցած է զայն բազ­մա­գու­նի ծա­ղիկ­նե­րով, որ­պէս սա մէկ հա­տին փոքր ա­ծուն, բայց մի­թէ ինքն ի­րեն հա­մար ալ «դրախտ» մը չու­նի՞…։

Եւ ե­թէ ու­նի Աս­տուած ի­րեն հա­մար ալ դրա՛խտ մը՝ ա­պա ինչ­պէ՞ս զար­դա­րած է Ան իր ա­ծու­նե­րը եւ ի՞նչ տե­սակ ծա­ղիկ­ներ տնկած է ա­նոնց մէջ։ Այս մա­սին շատ խոր­հե­լու պատ­ճառ մը չկա՛յ, քա­նի որ պա­տաս­խա­նը պարզ է. Աս­տուած իր ա­ծու­նե­րը ու­նի եւ իր ա­ծու­նե­րուն ծա­ղի՛կ ըլ­լա­լու կո­չեր է մար­դի­կը։ Ա­յո՛, մար­դը Աս­տու­ծոյ ծաղ­կաս­տա­նին մէջ ըն­տիր ծա­ղիկ մըն է. ա՜հ, ե­թէ Աս­տու­ծոյ դրախ­տին «մար­դա­տիպ» ծա­ղիկ­նե­րը այն­քան գե­ղե­ցիկ են, ո՛ր­քան մար­դոց հաս­ցու­ցած ծա­ղիկ­նե­րը ի­րենց պար­տէզ­նե­րուն ա­ծու­նե­րուն մէջ, ան­պատ­ճա՛ռ Աս­տու­ծոյ հո­գին ալ՝ կը ցնծայ, կ՚ու­րա­խա­նայ ա՛յն­քան ե­րա­նու­թեամբ իր դրախ­տին վա­յել­քո­վը, որ­քան մար­դոց հո­գին կը հրճուի ի­րեն­նե­րո­վը։

Ար­դա­րեւ գոյ­նե­րը եւ բոյ­րե­րը կը տար­բե­րին, ինչ­պէս նաեւ ձե­ւե­րը՝ ա­ծու­նե­րու ծա­ղիկ­նե­րուն, բայց ի՛նչ որ ա­մէ­նուն հա­սա­րա­կաց յատ­կա­նիշ մըն է, կա­րե­ւո­րը, քան թէ ի՛նչ տե­սակ՝ ի՛նչ ա­նու­նով, կամ բոյ­րով կամ թոյ­րով ծա­ղիկ մը ըլ­լա­լը։ Ու ե­թէ մարդ գե­ղե­ցիկ ըլ­լայ իր նկա­րագ­րո­վը, ծա­ղիկ­նե­րուն գե­ղեց­կա­գոյ­նին գե­ղեց­կու­թիւնն իսկ կը նսե­մա­նայ մարդ­կա­յին գե­ղեց­կու­թեան քով։

Աս­տու­ծոյ դրախ­տը ըլ­լա՛լ է մար­դոց կո­չու­մը, եւ ա­ւա՜ղ, ոչ թէ դրախ­տը՝ հա­պա յա­ճախ՝ չոր­ցած ա­նա­պա­տը միայն կ՚ըլ­լանք. ոչ թէ «փառք»ը՝ հա­պա՝ ա­մօ­թը եւ ա­նար­գան­քը։

Եւ երբ կ՚ա­ղօ­թենք, «Ար­քա­յու­թիւնդ թող գայ…», այ­սինքն կը խնդրենք Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը՝ այն կ՚ի­րա­կա­նա­նայ, երբ «երկ­նա­ւոր դրախտ» մը ըլ­լայ, մար­դը «երկ­րա­ւոր դրախտ»ին մէջ։ Բայց կրնա՞յ ըլ­լալ, ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յդ է խնդի­րը։ Մարդ միշտ կաս­կա­ծի, տա­րա­կու­սան­քի մէջ ե­ղած է այդ մա­սին, եւ իր կո­չու­մը ի­րա­գոր­ծե­լու, կո­չու­մին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու հա­մար բա­ւա­կան ջանք ու խանդ չէ՛ ցու­ցու­ցած։

Քրիս­տոս ե­կաւ, մարմ­նա­ցաւ ու մար­դա­ցաւ, որ­պէս­զի այդ տա­րա­կու­սան­քը վեր­ջաց­նէ՝ այդ ա­նա­պա­տա­յին մե­ռե­լու­թե­նէն արթնց­նէ մարդս, եւ ա­նոր մէջ հո­գե­ւոր ծայ­րա­գոյն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու հա­ւատ­քը եւ կամ­քը վե­րա­հաս­տա­տէ, այդ մա­սին մար­դուն տա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւելց­նէ, եւ ա­նոր ան­բեր­րի ա­պար­դիւն կեան­քը ան­գամ մըն ալ պա­րար­տաց­նէ, ու գոյնզ­գոյն ծա­ղիկ­նե­րու գե­ղե­ցիկ պար­տէ­զի մը վե­րա­ծէ։

Ո՜հ, ի՜նչ եր­ջան­կու­թիւն Աս­տու­ծոյ դրախ­տին մէջ ծա­ղիկ ըլ­լալ… ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ է մար­դուն կո­չու­մը երկ­րի վրայ, ա՛յդ է որ մարդս կ՚ար­ժա­նաց­նէ՝ երկ­նա­յին դրախ­տի վա­յե­լու­մին։

Եւ ե­թէ կայ կա­րե­լիու­թիւ­նը «ծա­ղիկ» ըլ­լա­լու, ե­թէ ա՛յդ է մար­դուն կո­չու­մը, ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ սէզ ու փուշ ու ցախ ըլ­լալ… ին­չո՞ւ նա­խընտ­րել ա­տե­լու­թիւ­նը ե­թէ կա՛յ սէ­րը, ին­չո՞ւ տգե­ղը՝ փո­խա­նակ գե­ղեց­կու­թեան, ին­չո՞ւ…։

Խոր­հի՛նք լրջու­թեամբ սի­րե­լի­նե՜ր, խոր­հու­դը շատ խո­րունկ ու խորհր­դա­ւոր տե­ղեր կը տա­նի մեզ. մին­չեւ իսկ մարդ­կա­յին ճա­կա­տագ­րին՝ որ է, աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ա­նայ­լայ­լե­լի ծրա­գի­րը, ա­նոր մշտնջե­նա­կա­նու­թեան ու յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը։

Մարդ, այն­քան ա­տեն որ չու­նի մեծ ու լուրջ հար­ցե­րու հետ զբա­ղե­լու ջա­նադ­րու­թիւն՝ ճա­կա­տագ­րա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կու տայ այն մանր, անն­շան, ան­կա­րե­ւոր խնդիր­նե­րուն, ո­րոնք իր դէ­մը կ՚ել­լեն։ Փո­խա­նակ սկզբունք­նե­րու, վեհ գա­ղա­փար­նե­րու, մարդ կը սկսի ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել եւ ժա­մա­նա­կը վատ­նել մանր մունր, հա­սա­րակ, պարզ գոր­ծե­րով. վա՜յ մէ­կը հայ­հո­յեր է ե­րե­սին… ի՛նչ պա­տա­հե­ցաւ… եր­կի՞ն­քը փլաւ գլխուն…։ Ին­չո՞ւ առ­նէ, անց­նի վի­րա­ւո­րիչ ու ա­նար­գա­կան խօսք մը։ Կ՚ար­ժէ՞։ Ին­չո՞ւ հա­մար մարդ ին­քը ինք չըլ­լայ՝ ան­կախ ու ա­զատ տէ­րը իր խա­ղա­ղու­թեան, իր եր­ջան­կու­թեան, փո­խա­նակ այդ­պէս իր­մէ դուրս ու­րիշ մը ը­նե­լու մա­տա­կա­րա­րը իր եր­ջան­կու­թեա­նը եւ կամ ա­պեր­ջան­կու­թեա­նը… «հո­գե­ւոր խո­րուն­կու­թիւն» ու­նե­նա­լով է որ մարդ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր կո­չու­մին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 10, 2015, Իս­թան­պուլ  

 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015