«ԽԱՉԻՆ ԵՐԳԻՉ» ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
1320 տարի առաջ վախճանած Ամենայն Հայոց Սահակ Ձորոփորեցի Կաթողիկոսի մասին հայ պատմիչները կ՚ըսեն՝ «Խաչին երգիչը»:
Կոմիտաս Կաթողիկոսէն յետոյ 7-րդ դարու ամենանշանաւոր մեր շարականագիրն էր Սահակ Ձորոփորեցին, որ յաճախ իր գրուածքներու մէջ հետեւած է Կոմիտաս Կաթողիկոսի արուեստին, սակայն նաեւ յենած է իրմէ առաջ դարերու հայոց հոգեւոր երգերու գանձարանին:
Անոր բոլոր շարականները նուիրուած են խաչին եւ եկեղեցիին: Այս հանգամանքը մասնագէտներ կը բացատրեն պատմական այն հանգամանքով, որ պարսիկներու կողմէ Քրիստոսի խաչափայտի Պարսկաստան գերի տանիլը 7-րդ դարու առաջին քառորդին, այնուհետեւ, Յունաց Հերակլ կայսեր ջանքերով խաչափայտի ազատումն ու հանդիսաւոր կերպով Երուսաղէմ վերադարձուիլը պատճառ դարձան աւելի զօրացնելու խաչի եւ եկեղեցւոյ պաշտամունքը եւ ատիկա նիւթ դարձած էր մանաւանդ հոգեւոր երաժշտութեան գործիչներուն համար:
7-րդ դարուն ուժեղացաւ ոչ միայն խաչի պաշտամունքը, այլեւ եկեղեցւոյ մէջ սահմանուցեան խաչին վերաբերող բազմաթիւ տօներ՝ իրենց հոգեւոր երգի կանոններով: Ահա այդ ժամանակուընէ ալ, ըստ տեղեկագրերու, կը սկսին կառուցուիլ «Ս. Խաչ» անունով տաճարներ, վանքեր ու մատուռներ, որոնց մէջ որպէս սրբութիւն կը հաւաքուէին եւ կը պահուէին նաեւ խաչի մասունքները:
Սահակ Գ. Ձորոփորեցին կարգ մը ծիսական կանոններու եւ ճառերու հեղինակ է։ Անոր կը պատկանին Շողակաթի, Նաւակատեաց եւ Վերացման ութ օրերու, Վարագայ Ս. Խաչի եւ Գիւտ Խաչի կանոններու մեծ մասի շարականները՝ շուրջ վաթսուն երգ, որոնք գեղարուեստական բարձր արժանիքներով, լեզուի հարստութեամբ, ձեւի կատարելութեամբ եւ երաժշտական կուռ կառուցուածքով ակնառու յօրինուածքներ են («Էջմիածինն ի Հօրէ», «Ուրախ լեր, սուրբ եկեղեցի», «Որ նշանաւ ամենայաղթ», «Ի Ս. Խաչն», «Այսօր ուրախացեալ» եւ այլն)։ Հակառակ այն հանգամանքին, որ մինչեւ մեր օրեր հասնիլը, եղած են աղաւաղումներ, սակայն, Ձորոփորեցիի շարականները իրենց այդ վիճակի մէջ նոյնիսկ իբրեւ գրական գործեր մասնագէտներու կողմէ շատ բարձր կը գնահատուի եւ իր գործերէն կը բխեցնեն, որ հեղինակը եղած է իմացական բարձր կարողութիւններու տէր, տաղանդաշատ երաժիշտ մը։
Սահակ Ձորոփորեցիի անունով մեր օրեր հասած է նաեւ մէկ թուղթ (որն ունի վարչաիրաւական բնոյթ) եւ մէկ ճառ՝ նուիրուած Արմաւենեաց (Ծաղկազարդի) տօնին: Մասնագէտներ Ձորոփորեցիի երաժշտական խառնուածքը կը բնորոշեն մանաւանդ Ծաղկազարդի տօնախմբութեան նուիրուած անոր այս գեղեցիկ գրուածքի՝ «Ճառ Արմաւենեաց»ի միջոցով: Ատոր մէջ շարականագիրը կը նկարագրէ բնութեան զարթօնքը եւ ունկնդիրը կը պատրաստէ գարնան գալուն:
Ձորոփորեցիի շարականներէն մասնագէտներ ամենագեղեցիկն ու ժողովրդականը կը նկատեն «Էջմիածինն ի Հօրէ» սրտառուչ երգը՝ զայն նկատելով մեր եկեղեցւոյ օրհներգ:
Ինչպէս Ներսէս Շնորհալիի Առաւօտ լուսոյ»ն, այս երգը նոյնպէս կ՚երգուի նաեւ եկեղեցիի կամարներէն դուրս՝ զանազան հանդէսներու ընթացքին: Այն ներդաշնակած է Խորէն Մէյխանաճեանը՝ Խորէնեան պատարագի հեղինակը:
*
«Էջմիածինն ի Հօրէ»
Էջ Միածինն ի հօրէ
Եւ լոյս փառաց ընդ նըմա,
Ձայնք հնչեցին սանդարամետք անդնդոց։
Տեսեալ զլոյս մեծ
Հայրապետին Գրիգորի,
Պատմէր ցնծութեամբ հաւատացեալ արքային։
Եկայք շինեսցուք
Սուրբ ըզխորանըն լուսոյ.
Քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս
Ի Հայաստան աշխարհի։
Սահակ Ձորոփորեցիի կանոնները, որոնք թիւով տասնհինգ են, զետեղուած են Կանոնագիրքին մէջ: Ատոնք կը վերաբերին ներեկեղեցական հասարակական կեանքի զանազան մարզերու (ծիսական, բարեպաշտական սովորոյթներ եւ այլն):
Սահակ Գ. Ձորոփորեցին կը յիշատակուի նաե Ձորափորցի, Ձորափորեցի: Անոր ծննդեան թուականնը անյայտ է, յայտնի է, որ ծնած է Գուգարաց աշխարհի Ձորոփոր գաւառի Արքունաշէն գիւղը եւ վախճանած 703-ին՝ Խառան (Պարթեւիստան): Յովհաննէս Դրասխանակերտցին տեղեկութիւն պահպանած է անոր մօր մասին, որ Այրարատ աշխարհի Մազազ գաւառի Բերդկաց գիւղէն էր (կը նոյնացուի Պորտակ գիւղին հետ):
Գրիգոր Տաթեւացին Ձորոփորեցին կոչած է «Սահակն որ գնաց ընդդէմ տաճկաց»:
Ամենայն հայոց կաթողիկոս եղած է 677 թուականէն մինչեւ 703 թուականը: Աշակերտած է հայ մատենագիր, աստուածաբան Թէոդորոս Քռթենաւորին: Նախքան կաթողիկոս ընտրուիլը Սահակ Ձորոփորեցին եղած է Ուտիքի Ռոտ Պարսեան գաւառի եպիսկոպոս։ Գահակալած է Հայաստանի համար ծանր ժամանակաշրջանի մը, երբ Հայաստանը կ՚ենթարկուէր յարձակումներու ու աւերածութեան, եւ ի վերջոյ երկրի մեծ մասը նուաճուեցաւ արաբներու կողմէ:
Արաբա-բիւզանդական այդ պատերազմներուն եւ արշաւանքներուն զուգահեռ սրուած էին Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու դաւանաբանական վէճերը (680 եւ 692 թուականներու Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցական ժողովներէն յետոյ)։ Բիւզանդական Յուստինիանոս Բ. կայսրը, արշաւելով Հայաստան, Սահակ Գ. Ձորոփորեցիին շուրջ 693 թուականին պատանդ կը տանի Կ.Պոլիս՝ Հայ Եկեղեցիին քաղկեդոնականութիւն պարտադրելու նպատակով։ Կաթողիկոսին կը յաջողուի վերադառնալ հայրենիք միայն ՀՅուստինիանոս Բ.-ի գահընկէցութենէն յետոյ (695 թուականին)։
Հայաստանի առաջին արաբ ոստիկան Ապտալլահը 702 թուականին կը ձերբակալէ Սահակ Գ. Ձորոփորեցին եւ կը ղրկէ Դամասկոս։ Երբ ապստամբ հայ իշխանները 703 թուականին Վարդանակերտի ճակատամարտին մէջ կը ջարդեն Ապտալլահի ջոկատը, Սահակ Գ. Ձորոփորեցին կը մեկնի Խառան՝ կանխելու զօրավար Մուհամմէտ իպն Օքպայի պատժիչ արշաւանքը՝ Հայաստանի վրայ: Հոն ալ կը մահանայ՝ նախքան մահը խնդրագիր մը ձգելով արաբ զօրավարին, որ, մեղմացած հայոց կաթողիկոսի իմաստուն նամակէն՝ կը կասեցնէ արշաւանքը: Սահակ Կաթողիկոսը, ըստ պատմիչներու, տիրապետած է արաբերէնին, որովհետեւ Օքպային ուղղուած նամակը ան անձամբ գրած է: Այս թուղթը զետեղուած է Ղեւոնդ պատմիչի երկին մէջ, որ շարադրած է Հայաստանի պատմութիւնը 640 թուականէն մինչեւ 788 թուականը: Խառանէն Սահակ Կաթողիկոսի մարմինը տարուած է Դուին եւ հոն հողին յանձնուած:
Ընտրուելով կաթողիկոս՝ Սահակ Գ. Ձորոփորեցին նորոգած է կապը Աղուանից եկեղեցւոյ հետ, շարունակած Աղուանից Իսրայէլ եպիսկոպոսի՝ հոները քրիստոնեայ դարձնելու քարոզչութիւնը։
Սահակ Գ. Ձորոփորեցիի անունով պահպանուած է նաեւ յունարէն կեղծ գրութիւն մը, որով իբր թէ ան կը դատապարտէ հայոց եկեղեցւոյ հաւատը եւ ժողովուրդին կոչ կ՚ուղղէ ընդունիլ քաղկեդոնականութիւն: Մաղաքիա Օրմանեանի քննութեամբ՝ իրականութեան մէջ գրուածքը Սահակ Կաթողիկոսինը չէ, այլ մէկ ուրիշինը, որ գրելով այն 1145-ին՝ փորձած է իր աշխատանքը պատշաճեցնել Սահակ Ձորոփորեցիին:
Կաթողիկոսական գահին Սահակ Գ. Ձորոփորեցիին նախորդած է Իսրայէլ Ա. Ոթմսեցին, յաջորդած՝ Եղիա Ա. Արճիշեցին։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐԸ
Ուսումնասիրելով Սահակ Ձորոփորեցիի ապրած ժամանակաշրջանը, նկատելի է, թէ ի՛նչ պատմական դեր ունեցած է եօթներորդ դարը՝ հայոց պատմութեան մէջ: Այն եղած է թէ՛ պատմական վայրիվերումներով դար մը, թէ՛ ալ արգասաբեր շրջան մը՝ հայ ժողովուրդի համար:
Եօթներորդ դարու գործիչներէն Սահակ Ձորոփորեցիէն զատ, նշանաւոր էր նաեւ Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսը, որ նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցա-քաղաքական պայքարին, միաժամանակ մեծ հոգածութիւն ցուցաբերած է հանդէպ մտաւորական շարժումին: Ճիշդ այդ ժամանակ ալ, մտաւորական շարժումէն ծնած է նշանաւոր քերթողներու, մտածողներու խումբ մը: Կոմիտաս Աղցեցին ծաւալած է շինարարական եւ հոգեւոր-մշակութային գործունէութիւն եւ իր «Շինող» պատուանունն ալ ծագած է այդ գործունէութենէն: Կոմիտաս Կաթողիկոսը աւարտին հասցուցած է Դուինի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, հիմնանորոգած Վաղարշապատի Սուրբ Էջմիածին Կաթողիկէն, 618-ին կառուցած Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքը (Գրիգոր Լուսաւորիչի հիմնած նախկին Վկայարանի տեղը), բարեկարգած է Արշարունեաց վանքը, Շիրակի դպրեվանքը եւ կարգ մը այլ դպրոցներ, որոնց մէջ փայլած է Սիւնեաց վարդապետանոցը: Կոմիտաս Կաթողիկոսի ժամանակներուն կը յիշատակուի Սիւնեաց վարդապետանոցէն նշանաւոր Մաթուսաղան: Կոմիտաս Ա. Աղցեցին նաեւ բանաստեղծ-երաժիշտ էր, հայ շարականերգութեան նշանաւոր ներկայացուցիչներէն։ Յայտնի է Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակին նուիրուած կանոնի օրհնութիւնը՝ «Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի» շարականը։ Ասիկա ամենայն հաւանականութեամբ գրուած է նաւակատիքի՝ տաճարի բացման արարողութեան առթիւ՝ ոգեկոչելով Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը։
Եօթներորդ դարու մեր պատմութեան դէմքերէն էր նաեւ հայոց եկեղեցւոյ նշանաւոր գործիչ, փիլիսոփայ Յովհաննէս Մայրավանեցին, որ Դուինի կաթողիկէի փակակալն էր եւ Եզր Կաթողիկոսի՝ բիւզանդական եկեղեցիի հետ միաբանուելուն դէմ դուրս գալով՝ ենթարկուած էր հալածանքներու եւ անարգուած Մայրագոմեցի անունով: Աղբիւրներու մէջ ան անուանուած է կատարեալ փիլիսոփայ, աստուածային գիրքերու գիտութեան քաջատեղեակ անձ: Անոր կը վերագրուին «Խրատ վարուց», «Հաւատարմատ» եւ «Նոյեմակ» վերտառութեամբ աշխատութիւնները, որոնք մեզի չեն հասած: Մայրավանեցիի մասին կը խօսին նաեւ օտար աղբիւրները՝ վրացական եւ յունական, ինչպէս նաեւ պատմութեան այլ յայտնի սկզբնաղբիւրներ:
Դարու նշանաւոր դէմքերէն էր Մովսէս Սիւնեցին, որ ունէր քերթող եւ քերթողահայր պատուանունները: Մովսէս Սիւնեցին յայտնի է նաեւ Մովսէս Գ. Տաթեւացի, Աճանանցի, Խոտանանցի: Ըլլալով մանկավարժ, փիլիսոփայ, 1629 թուականէն ամենայն հայոց կաթողիկոս էր: Կրթութիւն ստանալով Տաթեւի վանքը՝ 1592 թուականին կը ձեռնադրուի կուսակրօն աբեղայ, կը մեկնի Ամիդ եւ մինչեւ 1606 թուականը կ՚աշակերտէ Սրապիոն Եդեսացիին (Ուռհայեցի)։ 1610 թուականէն Երուսաղէմի մէջ դարձած է Սուրբ Յարութեան տաճարի լուսարար։ 1613 թուականին կը վերադառնայ Տաթեւ, կը մտնէ Սիւնեաց Մեծ անապատ։ Նախքան կաթողիկոս դառնալը՝ հիմնած է դպրոցներ, զբաղած է ատոնց բարեկարգման հարցերով, կարգաւորած է Սիւնիքի վանքերը։
Մօտաւորապէս 1620 թուականին ալ Երեւանի մէջ քարոզած է Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, վերաշինած Երեւանի Սուրբ Անանիա առաքեալ անապատը, կարգաւորած է Այրարատի եկեղեցիներն ու վանքերը, վերաբացած՝ Յովհաննավանքի եւ Սաղմոսավանքի վանական դպրոցները։ 1623 թուականին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս, 1626 թուականին Սպահան կը մեկնի։ Պարսից շահ Ապպաս Ա.-ը, 1627 թուականին ներկայ գտնուելով եւ հիանալով Սուրբ Ծննդեան տօնի՝ անոր կատարած արարողութեամբ, պարգեւ առաջարկած է եւ տուած անոր խնդրածը՝ Սուրբ Էջմիածնի վանքի լուսարարի պաշտօն եւ վանքը նորոգելու արտօնութիւն-հրովարտակ։ 1627 թուականի յունիսին ան կը վերանորոգէ Սուրբ Էջմիածնի վանքը, Վեհարանը, օժանդակ կառոյցները եւ պարիսպները։ 1628 թուականի սկիզբէն կը յիշատակուի որպէս «ընտրեալ կաթողիկոս», պաշտօնապէս կ՚օծուի 1629 թուականի յունուարին:
Եօթներորդ դարը տուած է նաեւ նշանաւոր պատմիչներ, որոնցմէ մին Յովհան Մամիկոնեանն է՝ «Տարօնի պատմութիւն» աշխատութեան հեղինակը: Անոր այս հռչակաւոր աշխատանքի մէջ ներկայացուած է Դ. դարուն Մեծ Հայքի Տարօն գաւառին քրիստոնէութեան տարածման հանգամանքները։ Երկրորդ մասը՝ քրիստոնէութեան տարածումէն յետոյ օտար զաւթիչներու դէմ Տարօնի հայութեան դիւցազնական պայքարի հերոսական ու գեղարուեստական պատկերումն է։
Եօթներորդ դարուն պատկանող մեր նշանաւոր գործիչներէն է Սեբէոս Եպիսկոպոս Բագրատունին, որ յայտնի է նաեւ Եւսեբէոս, Սեբիոս: Ան հայ պատմիչ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս էր, մասնակցած է Դուինի եկեղեցական ժողովին:
Է. դարը ճանչցուած է համաշխարհային շարք մը իրադարձութիւններով, սկսելով՝ Պարսկական-Բիւզանդական պատերազմներով, Երուսաղէմի գրաւումը պարսիկներուն կողմէ 614-ին, արաբական գրաւումները եւ քաղաքականութիւնը եւ այլն: Այս բոլոր դէպքերու մասին «Սեբէոսի պատմութիւն» գիրքը մեզի իրական տեղեկութիւններ կը հասցնէ, որովհետեւ Սեբէոս ականատես աչքով գրած է իր այս գործը:
Հայ մատենագրութեան մէջ, Սեբէոսի գործը առաջնակարգ դիրքը կը գրաւէ հայ պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան կը պատմէ Հայաստանի հնագոյն պատմութեան՝ Հայկ Նահապետէն մինչեւ Արշակունիներու անկումին պատմութիւնը: Սեբէոս պատմիչին երկը աղբիւր դարձած է իբրեւ՝ բիւզանդագիտութեան, արաբագիտութեան եւ իրանագիտութեան համար:
Եօթներորդ դարու նշանաւոր գործիչներու թիւին պէտք է դասել նաեւ հայ պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացին, որու նշանաւոր «Աղուանից պատմութիւնը» հայերէնով գրուած պատմութիւններուն մէջ արժէքաւոր եւ ինքնուրոյն գործ մըն է:
Եօթներորդ դարու հայոց պատմութեան անուններէն են նաեւ Բարսեղ Ճոն Վարդապետը՝ Շիրակի դպրեվանքի առաջնորդը, հայ մեծ գիտնական Անանիա Շիրակացին եւ բազում անուններ, որոնց շնորհիւ հայոց պատմութեան մէջ եօթներորդ դարը մնացած է բացառիկ արգասաբեր՝ հայ ժողովուրդի համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան