ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Պոլսոյ Հայոց 82-րդ պատրիարքը: Աւազանի անունով Արշակ: Ծնած է 27 սեպտեմբեր 1913-ին, Եոզղատի Իյտէլի գիւղը:
Զաւակը եղած է Միհրան Գալուստեանի, որ իր գիւղի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մէկը եղած է: Վաղ տարիքին տարբեր պատճառներով կորսնցուցած է իր հայրը, եղբայրն ու քոյրը (1915-1923 տարիներու ընթացքին):
1922-ին գացած է Կեսարիոյ Թալաս գիւղին մէջ եղող Ամերիկեան քոլէճը, որ այդ օրերուն որպէս որբանոց գործած է: Երկու տարի ետք, 1924-ին, անցած է Լիբանան Նահր Իպրահիմի ամերիկեան որբանոցը: 1925-ին անցած է Նազարէթի (Պաղեստին) ամերիկեան որբանոցը:
27 յուլիս 1927-ին, ընդունուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան, աւարտելով անոր ժառանգաւորաց եւ ընծայարան բաժինները:
Հնգամեայ ուսումնական ծրագիրին հետեւելէ ետք, 1932-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:
Իսկ 1935-ին, Թորգոմ Արք. Գուշակեանի ձեռամբ ստացած է քահանայական օծում եւ աբեղայական ձեռնադրութիւն, վերանուանուելով Շնորհք Աբեղայ:
1936-ին նշանակուած է Երուսաղէմի Ժառանագաւորաց վարժարանի տեսուչ:
1937-ին, Սրբոց Յակոբեանց տպարանի տեսուչ եւ Պատրիարքարանի «Սիոն» պաշտօնաթերթին փոխ-խմբագիր նշանակուած է:
Երուսաղէմի մէջ եղած ժամանակ զբաղուած է ուսուցչութեամբ՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն ներս:
1937-ին, դարձեալ Թորգոմ Պատրիարքի ձեռամբ, ստացած է վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները: Աւարտաճառի նիւթը՝ Պօղոս առաքեալի Կորնթոսի եկեղեցիին ուղղած առաջին նամակը եղած է:
Որոշ ժամանակ Հայֆայի եւ շրջակայքի հոգեւոր հովիւը եղած է:
1941-1945 տարիներուն եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչը:
1945-ին, Լոնտոնի հայոց հոգեւոր հովիւ նշանակուած է:
1948-ին Ամերիկա հրաւիրուած է՝ հովուութիւն կատարելու Նիւ Ճըրզի նահանգի երկու քաղաքներու: 1948-1951-ին հովիւ եղած է Փեթըրսընի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ, իսկ 1948-1953-ին, Նիւ Արքի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ: Ամերիկայի մէջ ծառայութեան տարիներուն, խմբագրած է «Կանթեղ» եւ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» կրօնաթերթերը:
1952-ին, Գալիֆորնիոյ առաջնորդ՝ Տիրան Արք. Ներսոյեանի ձեռամբ, ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան:
Որոշ ժամանակ Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետը եղած է:
1956-ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ, ստացած է եպիսկոպոսական օծում: Վազգէն Վեհափառը առաջարկած է անոր ստանձնել Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը, որ ընդունած է: Սակայն, խնդրած է Հայրապետէն վերադառնալ Ամերիկա, այնտեղ գործերը աւարտելու եւ դարձեալ վերադառնալու Մայր Աթոռ եւ ստանձնելու այդ պաշտօնը:
Ամերիկա վերադարձի ճանապարհին, անցած է Պոլիսէն, ուր հանդիպած է իր մօր՝ երեսուներեք երկար տարիներու բաժանումէ ետք:
1956-ին հրաւիրուած է մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կաթողիկոսական ընտրութիւններուն: Գարեգին Պատրիարքի (Խաչատուրեան) հետ մեկնած է Եգիպտոս, մասնկացելու համար եպիսկոպոսական ժողովին: Սակայն, տարակարծութիւններ յառաջանալուն պատճառով՝ Մայր Աթոռի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ, Գարեգին Պատրիարքին հետ անցած է Պոլիս եւ այնտեղէն Ամերիկա:
Ամերիկայէն վերադարձին անցած է Երուսաղէմով, ուր 1957-ին, ընտրուած է Սուրբ Աթոռին լուսարարապետ ու Երուսաղէմ մնացած է մինչեւ 1960 թուականը: Երուսաղէմ կեցութեան տարիներուն՝ 1956-1960 խմբագրած է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ՝ «Սիոն» ամսագիրը:
1960-ին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան խառնակ շրջանին, ստիպուած լքած է Երուսաղէմը եւ Կիպրոսի վրայով անցած է Պոլիս: Գարեգին Տրապիզոնցի Պատրիարքի խնդրանքով ան երկարաձգած է Պոլիս իր կեցութիւնը, մինչեւ 1961 թուականը:
1961-ին Գարեգին Պատրիարքը վախճանած է: Պատրիարքի վախճանումէն ետք, Ազգային պատգամաւորական ժողովը, 11 հոկտեմբեր 1961-ի իր նիստին, Շնորհք Եպիսկոպոսը ընտրած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք, որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալը: Վազգէն Կաթողիկոսը 27 հոկտեմբեր 1961-ին կոնդակով մը արքութեան պատիւ շնորհած է անոր: Իր պատրիարքական ուխտը կատարած ու գահակալած է 3 յունուար 1962-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիէն ներս, Գումգաբու: Որպէս պատրիարք գահակալած է 29 երկար տարիներ:
Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն սերտացած են Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կապերը: Իր ջանքերով, Պոլսոյ մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ ու դպրոցներ վերանորոգուած են: Պատրիարքարանի նոր դիւանատունը, ինչպէս նաեւ այսօրուան մատենադարանի առաջին յարկը եւ այլ շինութիւններ կառուցուած են: Գնալը կղզիի բարձունքին, հիմնած է «Կազդուրման կայանը»:
Գաւառէն Պոլիս գաղթած իր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ հայրական հոգածութիւն ցուցաբերած է. այդ առթիւ կազմած է «Գաղթականաց յանձնախումբ» մը: Այս յանձնախումբին աջակցած են թէ՛ իսթանպուլահայեր եւ թէ սփիւռքահայեր:
22 սեպտեմբեր 1973-ին, պարգեւատրուած է Երուսաղէմի Ս. Ղազարի Ասպնջական ասպետներու խաչի շքանշանով:
1979-ին, հանդիպում ունեցած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին հետ, երբ վերջինս Թուրքիա այցելած էր:
Շնորհք Պատրիարք վախճանած է 7 մարտ 1990-ին, Սուրբ Էջմիածինի մէջ: Հայաստան էր այդ ժամանակ՝ երկրաշարժէ աղէտեալներուն օժանդակութիւն՝ հոգեւոր թէ նիւթական, տրամադրելու համար: 14 մարտ 1990-ին, անոր մարմինը Պոլիս փոխադրուած է եւ 18 մարտին կատարուած է վերջին օծումի արարողութիւնը՝ ձեռամբ Շահան Եպսկ. Սվաճեանի: Շնորհք Պատրիարքին մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Շնորհք Պատրիարքը ունեցած է բեղուն գրիչ մը եւ հսկայ ժառանգութիւն մը ձգած է: Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարք Հօր ժառանգութեան ո՛չ ամբողջական ցանկը.
- Քննական մօտեցում Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի տագնապին. Տէրտէրեանի անօրէնութիւնները (Փարիզ, 1961: Գ. տպ. Պէյրութ, 1961)։
- 1966-ին Իսթանպուլի մէջ առանձին-առանձին հրատարակած է չորս Աւետարանները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասու եւ Յովհաննու, աշխարհաբարի վերածելով (արեւմտահայերէն):
- Նկատողութիւններ Երուսաղէմի յանձնաժողովի տեղեկագրի մասին (Իսթանպուլ, 1967):
- Ձեռագրերու գողութեան գայթակղութիւնը (Իսթանպուլ, 1969):
- Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկի շղթան (Իսթանպուլ, 1971: Բ. տպ. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 2008: Իսթանպուլ, 2015):
- Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ (Իսթանպուլ, 1972 եւ 2016: Նաեւ թրքերէնի թարգմանուած է եւ լոյս տեսած Իսթանպուլ, 2023-ին):
- Միութիւնը եւ միասնութիւնը կը կազմեն Եկեղեցիի էութիւնը (Իսթանպուլ, 1973):
- Ներսէս Շնորհալիի Ընդհանրական թուղթը (արեւմտահայերէնի փոխադրութիւն) (1973):
- Ներսէս Շնորհալիի Գիրք որ կը կոչուի Յիսուս Որդի (արեւմտահայերէնի փոխադրութիւն) (Իսթանպուլ, 1974):
- Աւագ շաբաթ (Պէյրութ, 1974: Բ. տպ., Նիւ Եորք, 1990: Իսթանպուլ 2017):
- Տաղաւար տօներ (Երուսաղէմ, 1976):
- Եօթը պատգամներ՝ եօթը եկեղեցիներուն (Իսթանպուլ, 1977 եւ 2017):
- Աստուածաշնչական սուրբեր (1977: Բ. տպ., Երեւան, 1997):
- Համաքրիստոնէական սուրբեր (1978: Բ. տպ., Երեւան, 1997):
- Աւետարան Յիսուսի Քրիստոսի (Անթիլիաս, 1979. արեւմտահայերէնի փոխադրութիւն):
- Հայազգի սուրբեր (Իսթանպուլ, 1982: Բ. տպ., Երեւան, 1997: Գ. տպ., Իսթանպուլ, 1998). (այս աշխատանքը յետագային այլ հրատարակութիւններ ալ ունեցած է) - (Իսկ վերջին տարիներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տպարանէն լոյս տեսած է երջանակայիշատակ պատրիարք հօր վերոնշեալ երեք աշխատութիւններուն՝ Աստուածաշնչական, Համաքրիստոնէական եւ Հայազգի սուրբերու գիրքերուն միատեղ հրատարակութիւնը, արեւելահայերէնով):
- Գիրք Սաղմոսաց եւ ապաշխարութեան մեծ սաղմոսը (Իսթանպուլ, 1983 եւ 2016):
- Սաղիմական ձեռագրերու գողութեան հարցը նոր տուեալներու լոյսին տակ (Իսթանպուլ, 1985):
- Համառօտ ակնարկ Հայց. Եկեղեցւոյ ընդհանուր ժողովներուն կազմութեան վրայ (Իսթանպուլ, 1986):
- «Ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենի դատապարտութենէն» (Մտթ. ԻԳ.33) (Իսթանպուլ, 1986):
- Ուխտագնացութիւն ու հովուապետական այցելութիւն գաւառի մեր եկեղեցիներ եւ համայնքներ (Իսթանպուլ, 1989):
- Յետ մահու, 2014-ին, Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած է պատրիարքին Վարդապետական աւարտաճառը՝ «Մեկնութիւն թղթոյն առ Կորնթացիս առաջին» խորագիրով:
***
Հիմա, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայցնենք փունջ մը մտածումներ Շնորհք Պատրիարքէն:
* Պատրիարք դառնալէ ետք իր անդրանիկ կոնդակը երկու մասով հրապարակած է: Առաջին մասով դիմած է հոգեւորականներուն՝ կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանայ, իսկ երկրորդ մասով՝ համայնքի պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին: Կոնդակի առաջին մասին մէջ հոգեւորականներուն զանազան նիւթերու մասին գրելէ ետք, անդրադարձ կը կատարէ Ս. Մկրտութեան եւ կնքահայրութեան, գրելով.
- Մկրտութեան Ս. Խորհուրդը կատարել ամենայն լրջութեամբ եւ երկիւղածութեամբ Պատարագի Խորհուրդին պէս, պատարագիչի լման զգեստաւորումով: Ս. Մկրտութեան աղօթքներուն չխառնել աշխարհիկ եւ ծիծաղելի խօսքեր, որպէսզի չըլլայ թէ մկրտիչ քահանան դատապարտութեան ներքեւ իյնայ, եւ անմեղ երախային Ս. Հոգիի շնորհները թերի ընդունելուն պատճառ դառնայ: Կնքահայրութիւնը թէեւ իր հին իմաստը եւ դերը կորսնցուցած է, այնուհանդերձ քահանան պիտի նայի որ կնքահայրը միշտ Հայց. Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլայ, որովհետեւ կնքահայրը երախան կը ներկայացնէ, որպէսզի ան Հայց. Եկեղեցւոյ անդամ դառնայ: Եթէ կնքահայրը Հայց. Եկեղեցւոյ զաւակ չէ, չի կրնար ուրիշ մը ներկայացնել մեր եկեղեցիի անդամ ըլլալու: Հոգ տարուի նաեւ որ անչափահաս տղաք կնքահայր չնշանակուին (Հատուած Անդրանիկ կոնդակի առաջին մասէն):
* Ժողովուրդին ուղղած կոնդակին մէջ ի շարս այլ երեւոյթներու, անդրադարձ կը կատարէ եկեղեցւոյ շրջափակին, գրելով.
- Եկեղեցւոյ անմիջական շրջափակը անբաժանելի մաս կը կազմէ եկեղեցիին ամբողջութեան: Բնականաբար հոգ պիտի տարուի այս շրջանակին եւս մաքրութեան եւ բարեզարդութեան: Փողոցէն ներս մտնողը իր առաջին տպաւորութիւնը կը ստանայ այս միջավայրէն: Յատկապէս պաշտամունքի ընթացքին պատշաճ կարգապահութիւն պէտք է տիրէ նաեւ այս շրջափակին մէջ: Իւրաքանչիւր թաղականութեան թէ՛ պարտականութիւնն է եւ թէ իրաւասութեան սահմանին մէջ կ՚իյնայ հսկելը եկեղեցւոյ շրջափակի կարգապահութեան: Այս մասին առաջին օրինակը ձեզմէ պէտք է գայ: Աղմկել, դատարկաբանել, կամ ծոյլ-ծոյլ ճեմել ու ծխել ներելի չեն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պաշտամունքի ընթացքին: Յաճախ տօնական մեծ օրերուն հաւատացեալներէն շատեր չկարենալով եկեղեցիէն ներս տեղ գտնել, պարտաւոր կ՚ըլլան դուրսէն հետեւիլ պաշտամանց: Ցաւալի է մատնանշել, որ կը գտնուին տգէտ, անպատկառ եւ անշրջահայեաց անձեր, որոնք նման պարագաներուն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը ծխեն եւ կ՚աղմկեն: Միանգամընդմիշտ վերջ պէտք է տրուի նման հեթանոսական եւ անկիրթ սովորութեան: Ասոնք դէմ են ոչ միայն մեր կրօնական սրբազան օրէնքներուն, այլ նաեւ մարդկային ամենէն տարրական կրթութեան կանոններուն (Հատուած Անդրանիկ կոնդակի երկրորդ մասէն):
* «Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքի մուտքին մէջ, կը կարդանք.
- «Գունագեղ կիրակիներ»ը Յինանց կիրակիներն են: Այդպէս ուզեցինք կոչել Ս. Զատիկին յաջորդող վեց կիրակիները, նախ անոր համար որ տարուան ամենէն գունալից եղանակին -գարնան- կը հանդիպին անոնք: Երկրորդ՝ անոնցմէ ոմանք արդէն օժտուած են գունաւոր անուններով, ոմանց ալ մենք համարձակեցանք յարմարցնել, հիմնուելով ներքին եւ արտաքին տուեալներու վրայ:
Գոյները Աստուծոյ արարչութեան գեղեցկագոյն երեւոյթներն են: Նկարիչները չեն միայն որ կ՚առինքնուին գոյներէն, այլ բոլոր մարդիկ գրեթէ անխտիր: Ու որքան անաղարտ մնացած ըլլայ մարդը, այնքան աւելի կը տրուի եւ կը հրճուի բնութեան գունագեղ հրաշալիքներու դիմաց: Մանուկները յատկապէս՝ բնութեան դեռ չայլասերած այդ զաւակները կը յափշտակուին գոյներով: Ամէն մարդ ի վիճակի չէ համ առնելու Պեթհովենի համանուագներէն: Սակայն կրնանք անվարան ըսել, թէ չկայ -բացի բնականաբար մեր աչազուրկ եղբայրներէն- որ չյափշտակուի ծիածանի կամարով. չկայ մէկը, որ կանգ չառնէ եւ լուռ հիացումով կամ հրճուագին բացագանչութեամբ չդիտէ դաշտերու մէջ հիւսուած ծաղիկներու գարնանային գոյնզգոյն կամ միագոյն գորգերը: Վերջապէս չկայ աչք ունեցող հողեղէն էակ մը, որ չհրապուրուի արշալոյսներու կամ վերջալոյսներու գոյներու խաղերով:
Ու ամէն գոյն իր ուրոյն տպաւորութիւնը կը ներգործէ մեր վրայ. ամէն գոյն կարծես վերացական գաղափարի մը տեսանելի արտացոլումն է: Սպիտակը՝ թարմ ու պայծառ ճերմակը, մարմնացումն է մաքրութեան ու անաղարտութեան: Կանաչը՝ խաղաղ ու երջանիկ կեանքի պատկերն է: Կարմիրը ակնբախ գեղեցկութեան եւ ոգեւորեալ եռանդի զգայնութիւնը կ՚արթնցնէ մեր մէջ: Կապոյտը՝ անամպ երկինքի անսահման թանձրացումներով, մեր մտքին մէջ կը ստեղծէ երջանիկ յաւերժութեան ու անկապտելի յոյսին գաղափարը: Ուրեմն այլեւս զարմանալի չէ որ սեւը -գոյներու չքացումը- տխրութեամբ համակէ զմեզ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ