ԱՅՍՕՐ ՄԷԿ ԱՂԱՂԱԿ ՄԸ ԿԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ. «ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ»

2005-2022 թուականներուն Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» չորս հատորեակը, որուն մէջ տեղ գտած է սփիւռքահայ արձակագիր, սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին համարոուղ Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան)՝ հիմնականը անծանօթ գրութիւնները: Հատորներուն խմբագիրը գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեանն է: Ան, ջանասիրութեամբ կազմելով սփիւռքահայ գրողի այս բացառիկ քառհատորեակը՝ գիրքերուն մէջ ներառած է Համաստեղէն բացառիկ գրութիւններ՝ առաջին բանաստեղծութիւններէն, մանրապատումներէն, առաջին՝ «Շէն գիւղի հին օրերէն» պատմուածքէն, մինչեւ հայ գրականութեան երկու գլուխ-գործոց՝ «Այծետոմար» երգիծական պոէմը եւ քսաներկու աղօթքներէ կազմուած «Աղօթարան»ը, պատմուածքներէն հինգի եւ «Այծետոմար»ի դրամատիկական տարբերակները։

Համաստեղ 1931 թուականին «Հայրենիք» ամսագրի մէջ կը սկսի հրատարակել «Սպիտակ ձիաւորը» վէպը, որուն երկու երրորդը լոյս տեսնելէ ետք կը դադրեցնէ։ 1952 թուականին միայն կ՚աւարտէ եւ կը հրատարակէ: Պատմուածքներու երեք հատորներէ եւ «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպէն անկախ, կու տայ «Աղօթարան» (1957, արձակ բանաստեղծութիւն), «Այծետոմար» (1960, չափածոյ պատում) եւ «Առաջին սէր» (1966, յետ մահու հրատարակուած) գործերը, արձակ ու քերթուած։ Յատկանշական է, որ հայրենիքի մէջ հրատարակուած քառհատորեակը նոր պատկերացում կու տայ Համաստեղ գրողի մասին՝ մանաւանդ հայ ժողովուրդի, հայրենիքի մասին անոր մտորումներով:

«Նոր սերունդին համար» գրութիւնը քառհատորեակին մէջ ներառուած եւ հայութեան մասին մտորումներով այդ գրութիւններէն է: Կու տանք հատուածներ:

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

ՀԱՄԱՍՏԵՂ

Ինծի համար հաճելի է տեսնել նոր սերունդի հետաքրքրութիւնը մեր տոհմիկ գրականութեան հանդէպ։ Այն գրականութիւնը, որ եղած է հողին, ժողովուրդին եւ մեր աւանդութիւններուն հետ։ Այդ աւանդութեան մէջ է մեր դարերու ժառանգը ֆիզիքական օրէնքով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կայ կեանքի յարատեւ շարժումը գոյութեան պայքարին համար։ Հաճելի է տեսնել, որ նոր սերունդը այդ յարատեւ շարժման մէջ է՝ որպէս ազգ եւ որպէս հաւաքականութիւն։ Այդ շարժման մէջ է եւ պայքարին հետ է, որ ընթացք կ՚առնեն ազգերու հին աւանդութիւնները։ Այն յորդ ջուրն է, որ կու գայ ծանօթ ու շատ անգամ անծանօթ ակերէն՝ ջրաղացքին քարը դարձնելու եւ ցորեն աղալու։ Եւ առաւելապէս այդ աւանդութիւններուն վրայ կառուցուած են արուեստ եւ մշակոյթ։ Մշակոյթը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ զգայարանքը ազգերու գոյութեան պաշտպանման։ Այլ խօսքով՝ մշակոյթը ազգերու ֆիզիքական գոյութիւնն է, որ կը պաշտպանէ եւ բանակներէն աւելի ուժեղ է։ Առաւելապէս այդ ուժով պաշտպանուած է հայ ժողովուրդը հակառակ դասապայքարներուն եւ պատմութեան մէջ չտեսնուած հալածանքներուն։ Հալածանքներուն մէջ կեանքը աւելի գործօն կը դառնայ, եւ աւելի գործօն կը դառնայ մշակոյթը իր վերելքով։ Այդ ուժը, շարժումը կու գայ աւանդութեան հետ ժառանգական օրէնքով, յաճախ մեզմէ անկախ։ Այժմ հոգեբանութիւնը կ՚ընդունի, որ մարդը ոչ միայն կը ժառանգէ ֆիզիքական որոշ գիծեր, այլեւ նոյն օրէնքով կը ժառանգէ հոգեկանը։ Այլ խօսքով, երբ մենք կը ժառանգենք մեր գլուխին ձեւը, աչքին գոյնը եւ քիթին կաղապարը, նոյն ֆիզիքական օրէնքով ալ կը ժառանգենք մեր հոգեկան մտածումի կառոյցը (Քարլ Իւնկ եւ ուրիշ հոգեբաններ ըսելիքներ ունեցած են այդ մասին)։ Ժառանգութիւնը անհրաժեշտ չէ անմիջական ըլլայ, ըսել կ՚ուզեմ՝ հօրմէն կամ մօրմէն։ Կրնայ այդ ժառանգութիւնը իր գիծերը նետել նախնիքներէն, ըլլայ այդ տոհմային, թէ ազգային։ Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսենք «մեր նախնիքները», որովհետեւ այդ նախնիքները ողջ են ու կ՚ապրին իմ ու քու մէջ։ Քաղաքական դժբախտ պատճառներով մենք ցրուեցանք։ Ալեկոծուած ծովէն, ջախջախուած նաւէն եզերք հասանք ու ցրուեցանք օտար հողի վրայ, օտար ազգերու մէջ։ Վտանգ կար, եւ արդէն մեր անմիջական ֆիզիքական գոյութիւնն էր այդ վտանգին մէջ որպէս ազգ պաշտպանելու։ Տարերային ուժն էր, որ կը խլրտար մեր մէջ պահել ազգայինը, եւ այդ ազգայինին մէջ էր մեր հաւաքական պաշտպանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը մեր անհատական գոյութեան։ Ես կը հաւատամ, որ ամէն հայ անհատ ինքն իր մէջ ազգ է։ Եւ մեր պաշտպանութեան կարեւոր զգայարանքները եղած են մեր լեզուն, մեր բարքերը, մեր գրականութիւնը, այլ խօսքով մեր մշակոյթը։ Երբ «մեր» կ՚ըսենք, այդ ինքնին նկարագիր է եւ մանաւանդ «ոճ»։ Այդ «ոճը» անհրաժեշտ է, որ կարենանք ստեղծագործել եւ մշակոյթ դառնայ ինքնուրոյն։ Այդ «ոճը» ինքը ազգն է՝ այնքան էական, որքան ծաղիկի մը գոյնը, ձեւը եւ հոտաւէտ ըլլալը։ Կ՚ուզեմ ըսել, որ ծաղիկին գոյնը եւ հոտը պերճանք ըլլալէ աւելի ֆիզիքական պաշտպանութեան եւ տեսակը ապրեցնելու անհրաժեշտութիւններ են։ Արուեստագէտ է այն, որ իր ինքնուրոյն ոճով կու գայ։

Այդպէս եկած են բոլոր մեր արուեստագէտները։ Առանց այդ ուժեղ անհատականութեան անոնք չպիտի կարենային ստեղծագործել։ Ազգերն ալ անհատի նման իրենց ոճն ունին։ Ուրիշ է հայ գրողը, ուրիշ ազգերու չպէտք է նմանի։

Ինչպէս ըսի, ինչպէս անհատները, նոյնպէս ազգերը իրենց անկումի եւ պարտութեան շրջանին աւելի գործօն կը դառնան. կենսական տարրեր են, որ գոյութեան պայքարի օրէնքով կ՚աշխատին պահել ոչ միայն գոյութիւնը, այլեւ «ոճը», այլ խօսքով՝ մեր ազգային յատկանիշները։ Մեր վերելքն ու մշակոյթը 1915-ին մեծ անկում ունեցանք, կորսնցուցինք հայութիւն եւ մտաւորականութիւնը, որ եղած էր ուժեղ բերդը ժողովուրդի պաշտպանութեան։ Այդ մտաւորականութիւնը միեւնոյն շրջանի եւ միեւնոյն ժամանակի արդիւնք չէր։ Ըսել կ՚ուզեմ, երբ անապատի աւազներուն հետ խառնուեցան Վարուժան եւ Զարդարեան եւ շատեր, կեանքի մը շրջանը չէին անոնք, այլ մեր դարերէն եկած կենսական բան մը կար անոնց մէջ ժողովուրդի եւ ազգի պահպանման համար։

Գրականութիւնը երբեք գրականութեան համար չէ, եւ ոչ ալ արուեստը՝ արուեստի համար։ Գրականութիւնը ֆիզիքական կամք է եւ պաշտպանութիւն։ Մենք բոլորովին կտրուեցանք այդ 1915-ին նահատակուած սերունդէն։ Շղթան փրթած էր, եւ տարիներ յետոյ հայ ժողովուրդի շուար եւ անդաստական կեանքը ապրելու տենչով իր մէջ ստեղծեց արուեստագէտներ, գործիչներ, գրողներ, երաժիշտներ՝ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար եւ անոնց մէջ ուզեց տեսնել եթէ ոչ շատ հին նախնիքներուն, գէթ 1915-ի նահատակներու աւանդութիւնը եւ կապել գալիք շրջաններուն հետ։ Սփիւռքին մէջ հայ ժողովուրդին հետ պահ մը շուարումի ենթարկուեցան նաեւ հայ արուեստագէտն ու հայ գրողը։ Դարձան յոռետես, դեգերումներու ենթարկուեցան, տարուեցան եւրոպական մշակոյթով, մտածումի եղանակով ու ոճով ու փնտռեցին նախնիքները։ Այդ բոլորին մէջ լեզուն բաւական էր, որ շրջանակի մը մէջ բռնէր այդ տարածուող հոսանքը։ Լեզուն «ջուր» կամ «հաց» չէ, լեզուն խորհուրդն է հողին, քարին, հացին, տունին, թոնիրին, ծխնելոյզին։ Խորհուրդը մեր բարքերուն, մեր տրտմութեան եւ ուրախութեան։

Լեզուն նախնական մարդուն մէջ իսկ արուեստի առաջին արտայայտութիւնն է։ Այլ խօսքով՝ բառերը իրենց խորհուրդն առած են առարկաներէն։ «Ծառ» կամ «քար» ըլլալէ աւելի ծառին կամ քարին խորհուրդին ցոլացումն է լեզուն։ Նախնական մարդուն համար ծառը շունչ էր, եւ մեր նախնիքները պաշտած էին այդ ծառը եւ կամ անտառը, ինչպէս մեր Սօսեաց անտառը, որուն տերեւներու սօսափիւնը պատգամներ էր աստուածներէն, իսկ քարին մէջ սուրբերու շունչը կար։ Եւ ժողովուրդը ուխտագնացութեան կ՚երթար, մոմ կը տանէր, աղաւնի կը զոհաբերէր սրբոց քարերուն։ Հայաստանի մէջ շատ էին այդ սուրբ քարերը։ Ահա թէ ինչպէս խոր իմաստով կը ստեղծուին լեզուները եւ բառերը, որ ազգի մը ինքնութիւնն է՝ կապուած մեր գոյութեան հետ։ Լեզուն է, որ մեզ կը կապէ մեր նախնիքներուն, մեր դպրութեան եւ մեր մշակոյթին։ Մանաւանդ սփիւռքի մէջ վտանգի տակ է մեր գոյութիւնը, որովհետեւ վտանգի տակ է մեր լեզուն։ Այսօր մէկ աղաղակ մը կայ ժողովուրդէն. «Պահենք մեր լեզուն››։

Եթէ պահենք մեր լեզուն, պահած կ՚ըլլանք մեր ազգային գոյութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ այն միամտութիւնը ունին հաւատալու, որ անգլերէնով ալ կարելի է պահել մեր շունչը։ Այդ մտածումը ինքնին պարտութիւն է արդէն։ Բաւարար չէ նոյնիսկ կէս-կիսատ հայերէն մը։ Պէտք է այնքան լաւ ըլլայ, որ խառնուի արեան հետ ու տարրերը շարժման մէջ դնէ։ Այն ատեն անոնք պիտի կրնան ըմբռնել Վարուժան մը, Չարենց մը, Պարոնեան մը եւ ժողովուրդը։ Այստեղ ծնած եւ մեծցած սերունդի թերութիւններէն մէկն ալ այդ է, որ նոյնիսկ կը փորձուին ստորագնահատել հայ գրականութիւնը, եւ ճիշդ անոր համար, որ իրենց մէջ պակաս է հայ լեզուի նկարագիրը, որ ինքը ժողովուրդն է։ Այդ լեզուին հմտանալով է, որ այս տեղի սերունդը պիտի ջերմանայ, պիտի սիրէ հայ ժողովուրդը եւ այդ ձեւով պիտի գտնէ ինքզինքը։ Ինքզինք գտնել, ինքզինք ճանչնալ կեանքի լաւագոյն հաճոյքներէն է։ Եթէ գտնես ինքզինքը, պիտի խառնուիս հայ ժողովուրդի ուրախութեան եւ տխրութեան հետ, եւ ապրիլը աւելի իմաստուն պիտի դառնայ քեզի համար։ Դուն պիտի հաւատաս, ինչպէս պիտի հաւատաս կրօնքի մը։

Բոլոր կրօնքներուն հիմքը եղած է բարին ու չարը։ Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին անցած է այդ բոլորէն ու իր մէջ մարմին առած՝ առանց դիցաբանութեան։ …Առած է Յունաստանէն, Հռովմէն, Բիւզանդիոնէն, այդ բոլորին հետ շաղած ու ստեղծած է իր ինքնուրոյն լեզուով մշակոյթը՝ իր գոյութիւնը յաւիտենական դարձնելու համար։ Ուժեղ ազգն է, որ կ՚առնէ այդ բոլորէն եւ կը շաղէ իր մշակոյթին հետ։ Հայ ժողովուրդի տեւականացումը վաւերական փաստ է մեր մշակոյթի ուժին եւ գեղեցկութեան։ Պահենք մեր սքանչելի լեզուն, որովհետեւ լեզուն պատմութիւն է, շունչ է ու արիւն։ Եւ մեր նոր սերունդը այն ատեն, այն ատեն հայ ապրելու մեծագոյն հաճոյքը կ՚ունենայ, երբ հմտանայ հայ լեզուին։ Կապուինք մանաւանդ Հայաստանին, որ չի ցրուինք, ուր հայ գրողը հզօր պայքարներով, զոհաբերութիւններով, աքսորներով կ՚աշխատի ինքզինք գտնել, գտնել մանաւանդ մեր ազգային ինքնուրոյն ոճը։ Այս տեղէն պիտի սկսին մեր դարերը։ Տակաւին զոհեր պէտք են ազատութիւնը՝ այդ հազարան թռչունը կամ պլպուլը, ձեռք ձգելու համար։ Հայ ժողովուրդը գիտէ զոհաբերել՝ իր գոյութիւնը յաւիտենական դարձնելու համար։ Եւ հայ ժողովուրդը յաւիտենական է եւ դեր ունի կատարելիք ազգերու կեանքին եւ պատմութեան մէջ:

ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Ազգերու կազմութիւնը հաւաքական պաշտպանութիւն է, գոյութեան պաշտպանութիւն։ Այդ նպատակին համար կը շինեն բերդեր, պարիսպներ։ Եթէ ուժեղ են, կը յարձակին, եւ եթէ տկար, կը պաշտպանուին։ Կը յարձակին այն ազգերը, որոնք աւազակային բնազդներ ունին՝ սպաննելու, գրաւելու եւ տկար ժողովուրդ մը հարկատու դարձնելու։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ ազգը առաւելապէս ինքզինք եւ իր արժէքները պաշտպանած է բարբարոսներու յարձակումներուն դէմ։ Եւ կը պաշտպանուին միայն այն ազգերը, որոնք շինարար են եւ ընդունակ ստեղծելու մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն՝ նոյնպէս իրենք զիրենք պաշտպանելու համար։ Ես չգիտեմ աւելի հզօր բանակ եւ աւելի հզօր զէնք, քան ինքը մշակոյթը եղած է հայ ժողովուրդին համար։ Ան մշակոյթով շնչած է եւ մշակոյթով ալ ապրեցուցած է եւ գոյութիւնը։ Հայ ազգը մեծ բանակներ ունեցած չէ՝ նոր հողամասեր եւ երկիրներ հարկատու դարձնելու համար։ Յաճախ հարկատու եղած ենք, յաճախ պարտուած ենք, եւ մենք այդ պարտութիւնով յաղթած ենք։ Մարդկային պատմութիւնը չգիտէ ազգ մը կամ ժողովուրդ մը, որ այնքան յարձակումներու ենթարկուած ըլլայ, այնքան զոհեր տուած ըլլայ եւ պահէ իր գոյութիւնը, որքան հայ ժողովուրդը եղած է։ Եւ կարելի է զարմանալ, թէ ինչ է գաղտնիքը, որ հայ ազգը կ՚ապրի հակառակ անոր, որ շատ հին ազգերէ մէկը եղած է։

5-րդ դարէն առաջ եւ յետոյ մեր երկրի տէրերը եղած են պարթեւները, սասանեանները, Հռովմը, Բիւզանդիոնը եւ 7-րդ դարուն՝ արաբները։ Տիգրան Մեծէ յետոյ մեր արքունիքին տէր եղած են պարթեւ Արշակունիները։ 450 տարի, մինչեւ 5-րդ դար։

3-րդ դարէ սկսաւ Պարթեւ Անակին որդին՝ Լուսաւորիչը, հաստատած է հայ կաթողիկոսին աթոռը եւ դարձած է տոհմային։ Մամիկոնեանները, որ մեր պատմութեան մէջ մեծ դեր կատարեցին, չինացիներ եղած են եւ իրենց ուժերով ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ 3-րդ դարուն։ Օտարներ եղած են նաեւ Բագրատունիները, որ նոյնպէս մեծ դեր կատարած են մեր պատմութեան մէջ։ Զարմանալին այն է, որ թէ՛ Արշակունիները, թէ՛ հայ եկեղեցիներուն տէր պարթեւ տոհմը Լուսաւորչի, թէ՛ Մամիկոնեանները եւ թէ՛ Բագրատունիները ոչ միայն հայացած են, այլեւ, ինչպէս ըսի, մեր ազգային պատմութեան մէջ մեծ դերեր կատարած են։ Կարելի է զարմանալ, թէ ո՞ւր է ուժը այդ հրաշքին եւ կամ կախարդանքին։ Այդ կախարդանքը եղած է հայ մշակոյթը։ Այդ մշակոյթին մենք առաւելապէս ծանօթ ենք 5-րդ դարէն սկսեալ, երբ մեր գրերու գիւտով անցաւ պատմութեան եւ հասաւ մեզի։ Քրիստոնէութիւնն որպէս արեւմտեան մշակոյթ եկաւ, եւ այդ մշակոյթի վրայ հիմնուեցաւ ոչ միայն մեր ազգային մշակոյթը, այլեւ մեր ազգային գոյութիւնը՝ այդ մշակոյթին հետ մասամբ խառնելով հեթանոսականը։ Ճարտարապետական ուժեղ թէքնիք եւ գեղարուեստական գիծեր ունեցած է հայ ճարտարապետութիւնը՝ այնքան կատարեալ, որ, եւրոպացիների կարծիքով, իր ուժեղ ազդեցութիւնը ձգած է եւրոպական ճարտարապետութեան վրայ։ Բարգաւաճ եղած են մեր եկեղեցական մատենագրութիւնը, միջնադարեան գրականութիւնն ու տաղերգութիւնը։ Հարուստ եղած ենք թարգմանութիւններով, այնքան հարուստ, որ բաւական ձեռագիրներ կարեւոր հեղինակներէն հայ թարգմանութիւններով փրկուած են։ Շատ հարուստ եղած ենք, եւ վանքերը լեցուցած ենք ձեռագիրներով։ Եւ այդ բոլորը քաղաքական ծանր պայմաններուն ներքեւ ստեղծագործած են։

Շատ կանուխ սկսած է մեր ժողովրդական գրականութեան զարթօնքը՝ 13-րդ դար, ուրկէ կը սկսին կեանքն ու իրականութիւնը։ Այսօր պիտի ներկայացնեմ ձեզի մեր բանաստեղծութեան մեծ վարպետներէն աշուղ Սայաթ-Նովան, որ ապրած է 250 տարի առաջ։ Այդ առիթով կ՚ուզեմ ներկայացնել նաեւ աղբիւրը մեր միջնադարեան տաղերգութեան եւ աշուղականութեան։ Մշակոյթը ինքը հայ ժողովուրդն է։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024